Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Արցախ

November 24, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Միամիտ են բոլոր անոնք, որոնք կը կարծէին կամ կը հաւատային, թէ Արցախի ազատագրութենէն ետք ամէն հայու ուխտավայրը պիտի դառնար այդ հրաշք երկիրը:

Թանկագին արեամբ ազատագրուած տարածք է, ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔ է, որուն պատմական նշանակութիւնը պէտք է կարենայ գնահատել իւրաքանչիւր հայ:

Դրախտավայր է: Գեղատեսիլ բնութիւն, բարենորոգ ճանապարհներ (գոնէ զբօսաշրջիկները հետաքրքրող ուղղութիւններու պարագային), համեմատաբար մատչելի գիներ, լաւ պայմաններով հիւրանոցներ® այս բոլոր տուեալները պէտք է խթան հանդիսանային ու մեր հայրենասիրական զգացումներու կողքին ուժեղ ազդակներ դառնային` մեզ դէպի Արցախի դարպասները ուղղորդող:

Հիմա, «Հայաստան» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կառուցուող ճանապարհով պիտի կարենանք Արցախին մինչ այսօր անմատչելի գեղատեսիլ միւս շրջանը` Քարվաճառ մտնել եւ պեղել անոր վայրի բնութիւնը:

Վերջին տարիներուն արցախեան պաշտօնական լուրերէն միշտ դրական նշաններ կը ստանայինք` զբօսաշրջիկներու թիւի աստիճանական աճին վերաբերեալ: Բացարձակ թիւերը միշտ ալ անբաւարար եղած են, սակայն առնուազն միտում մը կար աւելնալու: Կրնաք երեւակայել ուրեմն, թէ ինչպիսի՛ յուսախաբութեամբ իմացանք, որ այս տարի Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը ոչ թէ աւելցած է, այլ` չորս տոկոսով նուազած:

Կարելի էր մտածել, որ վերջին ամիսներուն նկատուած սահմանային լարուածութիւնը կրնար ոմանց համար մտահոգիչ ըլլալ, այնքան, որ անոնք փոխեն իրենց արձակուրդի ծրագիրները: Սակայն, ըստ Արցախի զբօսաշրջութեան ոլորտի պատասխանատուին, նուազման միտումը դրսեւորուած է սահմանային միջադէպերէն առաջ: Դարձեալ միամիտ են հաւանաբար անոնք, որոնք կը սպասէին, թէ այս միջադէպերուն իսկ պատճառով դէպի Արցախ հայերու շարժը պիտի բազմապատկուէր, այլ ոչ թէ նուազէր:

Շարժի՛նք դէպի Արցախ:

 

 

Նախորդը

Զօրավարի Վերադարձը

Յաջորդը

Դժուար Ժամանակներու Համար Նոր Կառավարական Համակարգ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.