Զուիցերիոյ ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Կրենհեն ակումբին թեքնիք տնօրէնը խումբէն հեռացուց 11 ֆութպոլիստներ:
Տեղական մամուլը յայտնեց, որ Ռենաթօ Պրուն այս որոշումը տուաւ, որովհետեւ անոր կազմը ախոյեանութեան գծով իր կատարած մրցումին 10-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիուցեռն խումբէն:
Միանգամայն 11 ֆութպոլիստները հեռացնելէ ետք Պրուն ըսաւ. «Ես այնպիսի անձերէն եմ, որոնք քիչ կը խօսին, բայց շատ կը գործեն: Երբ ամէն ինչ իր կարգին չէ, ապա ուրեմն պէտք է փոխել»:
ArmSport.am աւելցուց, որ ցարդ մարզիչի հեռացումին մասին ոչինչ կայ յստակ:


