Երէկ, Հռոմէն (Իտալիա) Պէյրութ վերադարձաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք համալսարաններու միջազգային մրցաշարքի մը:
Համալսարանը տիրացաւ 2 պրոնզ մետալի, առաջինը` փինկ փոնկի, իսկ երկրորդը` հենտպոլի մրցումներուն:
Նշենք, որ 2013-2014 տարեշրջանին Սեն Ժոզեֆ համալսարանը Լիբանանեան համալսարաններուն մէջ հանդիսացած էր ախոյեան:
Պէտք է նշել, որ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին ձեռք ձգած այս յաջողութիւնը կը նկատուի միջազգային կարեւոր իրագործում մը` համալսարաններու մակարդակով:


