Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամուտին Առիթով Կազմակերպուած Հանդիպումին Ընթացքին. «Մեր Կենսունակութեան Մեծագոյն Ազդակը Մեր Ունեցած Ազգային Կրթական Ժառանգութիւնն Է» Կ՛ըսէ Շահէ Եպս. Փանոսեան

November 19, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1117_arachnortՆախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երկուշաբթի, 17 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վերամուտի առիթով հանդիպում: Ներկայ էին Ազգային վարժարաններու խնամակալութիւնները, հոգաբարձութիւնները եւ տնօրէնները:

Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Յակոբ Եագուպեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն հրաւիրեց սրբազան հայրը փոխանցելու իր խօսքը: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին մեր պարտականութիւնն է անգամ մը եւս մեր հաւաքականութեան յիշեցնել եւ բացատրել, թէ անցնող 100 տարիներուն ի՛նչ սփոփարար դերակատարութիւն ունեցաւ մեր ժողովուրդին համար հայ վարժարանը, որուն շնորհիւ այսօր կը մնանք պատնէշի վրայ կանգուն եւ կենսունակ: «Մեր կենսունակութեան մեծագոյն ազդակը մեր ունեցած ազգային կրթական ժառանգութիւնն է, որ սերունդներու քրտինքին ու հանճարին արդիւնքն է ու մեր մեծագոյն հարստութիւնը», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ նոր սերունդի ուղիղ դաստիարակութեան եւ անոր մօտ տոհմային մեր նկարագիրի պահպանման համար մենք լուրջ մտահոգութիւններ եւ դժուարութիւններ ունինք: Սրբազանը շեշտեց, որ մեր պարտականութիւնն է մեր հասարակութեան բացատրել, թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչ արդարացումով կը նախաձեռնենք Ազգային միացեալ վարժարանի կառուցման` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է աշխատանք տանինք, որ մեծ ընդունելութիւն գտնէ թեմին մեծագոյն նախաձեռնութիւնը եղող այս վարժարանը: «Պէտք է յիշենք եւ յիշեցնենք, որ Ազգային միացեալ վարժարանը չի կառուցուիր փոխարինելու համար մեռած ու քայքայուած կրթական համակարգ մը եւ ոչ ալ մեր արարքը կամայականութիւն ու արտաքին ցուցադրութիւն է, այլ առիթ, որպէսզի նոր պայմաններու լոյսին տակ եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանգրուանին վերապրումի ցանկութեամբ  վերարժեւորենք եւ վերանորոգենք մերինը, որուն բացակայութիւնը սպառնալիք է մեր գոյութեան համար», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Այնուհետեւ Ուսումնական խորհուրդի անդամ Սեդա Մանկասարեան «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուց Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքները, իսկ դոկտ. Յակոբ Եագուպեան ներկայացուց կրթական մակարդակի վրայ տարուած աշխատանքները:

Ապա առիթ տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու Ազգային միացեալ վարժարանին վերաբերեալ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ազգային վարժարանները յուզող հարցերուն:

Նախորդը

Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի Խօսքը` Արտասանուած Կրթական Մարզի Պատասխանատուներու Հետ Հանդիպման Ընթացքին

Յաջորդը

Բրիտանիոյ Եւ Պրիւքսէլի Մէջ Բողոքի Ցոյց` Ալիեւի Հետ Համագործակցողներու Դէմ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.