Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կրօնափոխ Հայերի Խնդիրները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» Մենագրութեան Շնորհահանդէս Երեւանի Մէջ

November 19, 2014
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

1119-1Նոյեմբեր 14-ին տեղի ունեցաւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեանի «Կրօնափոխ հայերի խնդիրները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» երկլեզու (հայերէն, թրքերէն) մենագրութեան շնորհահանդէսը: 500 տպաքանակով տպագրուած գիրքին խմբագիրն է թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեանը:

Թրքագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժանմունքի փոխնախագահ Ռուբէն Մելքոնեան շնորհաւորելով հեղինակն ու գիտական հանրութիւնը գիրքի լոյս ընծայման առթիւ` նշեց, որ հայերու բռնի կրօնափոխութիւնը հայագիտութեան կարեւոր խնդիրներէն է, այն հարցերէն է, որոնք անընդհատ ուսումնասիրութեան կարիք ունին, քանի որ տակաւին համակողմանի կերպով ուսումնասիրուած չեն: Նիւթը, ըստ Ռ. Մելքոնեանի, կը գտնուի գերքաղաքականացած վիճակի մէջ յատկապէս Թուրքիոյ մէջ եւ օրակարգային, արդիական հարց է այդ երկրի թէ՛ քաղաքական համակարգին մէջ եւ թէ՛ հասարակական-գիտական քննարկումներուն ընթացքին: «Կրօնափոխ հայերուն խնդիրը կ’առնչուի քանի մը գիտական բնագաւառներու` պատմագրութիւն, թրքագիտութիւն, ազգագրութիւն եւ այլն, ուստի հետազօտողին համար բաւականին բարդ է այս բոլոր բնագաւառներուն ընձեռած հնարաւորութիւնները օգտագործելով` ներկայացնել համակարգուած, կուռ աշխատանք, ինչ որ յաջողած է ընել Հայկազուն Ալվրցեանը: Հայերու բռնի կրօնափոխութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է Հայոց ցեղասպանութեան հետ, եւ գիրքը պէտք է դիտարկել նաեւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պարունակին մէջ», յայտնեց Մելքոնեան` շեշտելով, որ թրքական արխիւները, հայկական տարբեր աղբիւրներ հարուստ են փաստերով, որոնք կ’ապացուցեն բռնի կրօնափոխութեան բազմաթիւ դրուագներ:

Համշէնագէտ, «Համշէն» հայրենակցական միութեան փոխնախագահ, «Ձայն համշէնական» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սերգէյ Վարդանեան նկատել տուաւ, որ մենագրութիւնը հետաքրքրական է թէ՛ ուսանողութեան, թէ՛ լրագրողներուն եւ թէ՛ հանրութեան համար:

1014696_950167841664396_5117647073818734032_oԳիրքի հեղինակ Հայկազուն Ալվրցեան ընդգծեց, որ մենագրութիւնը պատրաստած է որպէս տեղեկագիր, որ հետաքրքրուողներուն մանրամասն կերպով կը ներկայացնէ կրօնափոխ հայերուն խնդիրները: Գիրքին մէջ կը ներկայացուի Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ հայերու կրօնափոխութեան քանի մը կարեւոր դրուագներու համառօտ պատմութիւնը: Առանձին գլուխ յատկացուած է համշէնահայերու եւ Տէրսիմի հայերու կրօնափոխութեան խնդիրին: Առաւել հանգամանօրէն կ’արծարծուին Հայոց ցեղասպանութեան շրջանը եւ անոր յաջորդած ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները մինչեւ մեր օրերը, ինչպէս նաեւ` կրօնափոխ հայերու արդի խնդիրները եւ անոնց նկատմամբ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վերաբերմունքը:

10372971_950168161664364_7388725660359911257_oԳիրքի շնորհահանդէսին անակնկալ էին մշեցի հայերը, որոնք ձեռնարկին մասնակցելու համար եկան Մուշէն: Հայկ Ասլանը Թուրքիոյ մէջ հիմնած է «Տարօն» հայրենակցական միութիւնը: Ան պատմեց, որ Մուշ քաղաքին մէջ իշխանութիւնները որոշած էին քանդել հայկական գերեզմանատունը, ուր, ըստ Հայկ Ասլանի, թաղուած է նաեւ Գէորգ Չաուշը: «Տարօն» հայրենակցական միութեան բողոքի ցոյցերուն շնորհիւ միայն հայկական գերեզմանատունը կարելի եղաւ փրկել կործանումէն:

Մշեցի Արմէն Գալուստ պատմեց, որ փոքր հասակին քիւրտ մը ծեծած է զինք` անուանելով «կեաւուր»: Երեխան լալով գացած է տուն եւ մեծ հօրմէն իմացած է, որ ինք իսկապէս հայ է: Արմէն Գալուստ ըսաւ, որ շնորհակալ է այդ ծեծողին, քանի որ ան բացայայտեց իր ակունքներն ու հայ ըլլալը: Մշեցի հայերուն նուիրուեցաւ «Կրօնափոխ հայերի խնդիրները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» թրքերէն մենագրութեան 100 օրինակ: Անոնք բարձր գնահատեցին աշխատութիւնը, քանի որ անիկա պիտի օգնէ նման հայերուն` ճանչնալու իրենք զիրենք եւ իրենց ակունքները:

«Կրօնափոխ հայերի խնդիրները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» մենագրութիւնը հրատարակուած է Հայաստանի նախագահի գործընկեր կազմակերպութեան` Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի յայտարարած դրամաշնորհային մրցոյթի ծիրին մէջ, «Մշակոյթ եւ հասարակութիւն» հասարակական կազմակերպութեան իրականացուցած ծրագիրին իբրեւ արդիւնք: Անիկա թրքերէնի թարգմանուած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աշխատակից Տիրան Լոքմակէօզեանի կողմէ:

 

Նախորդը

Մոմավառութեան Մատուռի Եւ Կաթողիկոսական Դամբարանի Հիմնօրհնէք Էջմիածինի Մէջ

Յաջորդը

Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի Խօսքը` Արտասանուած Կրթական Մարզի Պատասխանատուներու Հետ Հանդիպման Ընթացքին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 18, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 4, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.