Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրապետական Կոչ Եւ Մեծ Եղեռնի 100-Ամեակի Յիշատակումի Յայտարարութիւն.

November 18, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

պատրիարաքարանի-զինանշանՅիսուսի Քրիստոսի Ծառայ

ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.

Ողորմութեամբ Աստուծոյ
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Հայրապետական Կոչ

Մեր պատուական եղբայրներուն` Արհի. արքեպիսկոպոսներուն, եպիսկոպոսներուն, գերապատիւ վարդապետներուն,
յարգոյ քահանաներուն, սարկաւագներուն, առաքինազարդ կոյսերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Հայաստանաբնակ եւ աշխարհասփիւռ համայն հայութիւնը կը պատրաստուի 2015-ին բացառիկ միջոցառումներով նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Շրջադարձային դառնալու կոչուած այս հանգրուանը ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր պէտք է հանդիսանայ արտայայտութիւնը մեր միասնականութեան, մեր միասնական ու աւելի կազմակերպուած աշխատանքին, որ մեր ազգային առաջնահերթութեանց առաջնահերթն է` ըլլալով նախապայմանը մեր համազգային առաջադրանքներուն կենսագործումին:

Մեր ժողովուրդը` միջազգային հանրութեան  իր այս միասնականութեան վկայութիւնը տալու առիթը պիտի  ունենայ իր զանգուածային ներկայութեամբ  հայածէս սուրբ պատարագին, զոր  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով պիտի մատուցենք Վատիկանի Ս. Պետրոսի Պազիլիքային մէջ 2015-ի ապրիլի 12-ին Ֆրանչիսկոս հայասէր սրբազան քահանայապետին նախագահութեամբ, կարտինալներու դասին, Վատիկանի մօտ լիազօրագրուած  օտար դեսպաններուն ներկայութեամբ եւ հռոմաբնակ հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ: Այս պատմական իրադարձութեան պիտի արձագանգեն միջազգային լրատուամիջոցները, եւ ան իր վրայ պիտի հրաւիրէ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը եւ պիտի հրահրէ անոր հետաքրքրութիւնը հայ ժողովուրդին եւ Հայ դատի մասին:

Վստահ ենք, որ ձեր թեմերուն եւ ժողովրդապետական սահմաններուն մէջ, լաւագոյն պատշաճութեամբ եւ խանդավառութեամբ պիտի քաջալերէք ձեր հաւատացեալները, բարեկամներն ու շրջապատը  մասնակցելու յաւիտենական քաղաքին` Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք պատմականօրէն յիշարժան այս մեծախորհուրդ արարողութեան, որուն պիտի յաջորդէ բացառիկ համերգ մը, որ պիտի հանդիսանայ ներբող մը  Մեծ եղեռնի նահատակաց: Մեր ժողովուրդին մեծաթիւ մասնակցութիւնը միաժամանակ պիտի զօրացնէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն իբրեւ հաւատքի նահատակներ սրբադասման մեր առաջադրանքը:

Ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի մեր պատրիարքական յանձնախումբին կողմէ երկար ժամանակէ ի վեր առաջադրուած ծրագիրներուն  գլխաւորը հանդիսացող վերոյիշեալ ձեռնարկներուն,  նոյնպէս  հայկական բոլոր հասարակութիւններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներուն մեր ժողովուրդին գիտակից ու անվերապահ մասնակցութեամբ` վկայութիւնը պիտի տանք մեր հաւատարմութեան մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու հաւատքին եւ Քրիստոսի ու ազգին հանդէպ անոնց անսասան սիրոյն: Միաժամանակ պիտի վերահաստատենք մեր կառչումը աստուածայաղթ Արդարութեան,  մարդկային անկորնչելի իրաւունքին ու արժէքներուն եւ յատկապէս նահատակութեան վսեմագոյն արժէքին, որմէ ծիլ առաւ եւ կ՛ընձուղուի ահա վերակենդանացումը ու փառապանծ յարութիւնը հայ ազգին:

Հայրապետական օրհնութեամբ`

† Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց

Տուեալ ի կաթողիկոսական Աթոռոյն որ ի Զմմառ
Յաւուր երեքտասաներորդի ամսեանն նոյեմբերի յամի Տեառն 2014-ի
Ի վեցտասաներորդում ամի հայրապետութեան Մերոյ

 

Նախորդը

«Մանկական Եւրատեսիլ – 2014» Մրցումին Հայաստան Գրաւեց Երրորդ Դիրքը

Յաջորդը

Լաթվիոյ Մէջ Երկրի Արեւելեան Հատուածին Յօգուտ Ռուսիոյ Միանալու Քարոզչութիւն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.