Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ տաճիկ յետսապահ Քհիւրշետ Պեքնազարով երկու տարիով կախակայուեցաւ, երբ ի յայտ եկաւ, որ ան Ինշէոնի մէջ տեղի ունեցած ասիական խաղերուն խթանիչ դեղ գործածած է:
Լուրը հաղորդող «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը աւելցուց, որ ան այդ խթանիչ դեղը գործածած էր Սինկափուրի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի մրցումին:
Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ան իրաւունք ունի (եթէ ուզէ) բողոքելու իր դէմ սահմանուած այդ կախակայումին համար:


