Լիբանանի մէջ շաբաթավերջին տեղացած տեղատարափ անձրեւը դարձեալ փակեց մայրաքաղաք Պէյրութի մայրուղիներն ու փապուղիները` ամէնուրեք ողողումներ պատճառելով:
Պէյրութի միջազգային օդակայանը եւ դէպի օդակայան տանող փապուղիները ողողուեցան անձրեւին հաւաքուած ջուրերով, որոնք պատճառ դարձան, որ քաղաքացիները ժամեր շարունակ իրենք ինքնաշարժներով բանտարկուին փողոցը` երթեւեկի ահաւոր խճողումին պատճառով:
Ողողումները պատճառեցին նաեւ ինքնաշարժի արկածներ:
Միւս կողմէ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ նախարարութիւնը ոչ մէկ կապ ունի այդ ողողումներուն հետ` աւելցնելով, որ պէտք է մշակել այնպիսի ծրագիր մը, որուն գործադրութեամբ այդ հարցին արմատական լուծում մը տրուի:
Զաայթեր շեշտեց, որ նախարարութիւնը հետաքննութիւն մը պիտի բանայ եւ հաշուետուութեան պիտի կանչէ պատասխանատուները:
Ան նշեց, որ Ղատիր գետին հարցը լուրջ լուծումի կարիք ունի` աւելցնելով, որ ինք պատրաստ է հաշուետուութեան, եթէ հաստատուի, որ այս առումով ինք թերացում արձանագրած է:


