Ինչպէս կը յայտնէ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան պաշտօնական կայքը, Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա ճանչցուեցաւ «Լա լիկա»-ի հոկտեմբեր ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Իսկ ամսուան լաւագոյն մարզիչը ճանչցուեցաւ արքայական խումբին եւ Պենզեմայի մարզիչը` Քարլօ Անչելոթթի:
Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Ռէալ Մատրիտ արձանագրեց երեք յաղթանակ, նշանակեց 13 կոլ եւ ստացաւ միայն կոլ մը` իր բերդին մէջ:
Պենզեմա նշանակեց 3 կոլ:


