Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Մեր բոլորին սիրելի Արփի Էթիեմեզեան-Պերթիզլեանի անժամանակ մահը ընտանեկան նեղ սահմաններէն անդին գէթ Լիբանանի հայութեան հաւաքական կորուստն է:
Այսօր, երբ չկայ Արփին, յետադարձ ակնարկ մը անոր կարճատեւ կեանքին, զիս կը մղէ տոմարակալական պարզ հաշիւով մը արձանագրելու անոր կեանքին հիմնական հանգրուանները, «սովորական» թուումով:
Հայկական դպրոցէ շրջանաւարտ:
ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժումի անդամ: Անդամ` Սկաուտական խորհուրդի եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան:
Համալսարանական մանկավարժ, երկար տարիներու ուսուցչուհի` նախ Ազգ. Մարտիկեան, ապա Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ:
Երդուեալ դաշնակցական անդամ,ապա վարչական Զաւարեան ուսանողական միութեան: «Աղբալեան» կոմիտէի անդամ:
Դասախօս, դաստիարակ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական եւ կազմակերպական մարմիններու անդամ, ապա` գործավար Կեդրոնական կոմիտէի: Լիբանանեան պատերազմի թէժ օրերուն մնայուն ներկայութիւն ակումբներու մէջ, իբրեւ նեցուկ զոհաբերուող երիտասարդներուն:
Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի գործադիր քարտուղար եւ դասախօս:
Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդի քարտուղար:
Հայաբոյր ընտանիք կազմած անձ: Տունը ամբողջ` հայաշունչ մթնոլորտ, փոքր Հայաստան մը:
Ահա «սովորական» հաշուեկշիռ մը Արփի Էթիեմեզեան-Պերթիզլեանի տարիներու կարճ, բայց ժառանգութեամբ հարուստ կեանքին:
1975-էն ասդին ու զանազան հանգրուաններու իբրեւ ընկեր, պաշտօնակից, գործակից թէ ընտանիքի բարեկամ ճանչցայ Արփին` իր նկարագրային անառարկելի գիծերով:
Բծախնդիր աշխատող:
Անզիջող կերպով սկզբունքային:
Կեցուածքներու տէր` նիւթականը արհամարհող:
Նուիրուած ուսուցչուհի:
Իրա՛ւ դաշնակցական ընկերուհի: Քա՛ջ, յախո՛ւռն եւ ընկերասէր:
Ուրիշին տառապանքը իրը նկատող սրտցաւ քոյր եւ պատասխանատու:
Եւ դեռ` այլ առաքինութիւններ, որոնց ինք վստահաբար պիտի չուզէր, որ անդրադառնանք:
Արփին մեկնեցաւ լուռ, սակայն «լաւ եմ» ըսելով:
Այսօր, երբ կը նայինք մեր չորս դին` տիպարներ որոնելով, անտարակոյս կը փնտռենք Արփին:
Հայ կնոջ, դաշնակցական մարդու, անշահախնդիր միութենականի, նուիրեալ ու ասպարէզը սրտով իւրացնող ուսուցիչ մանկավարժի, յոյսի եւ կայտառութեան իրական տիպարն էր:
Երկար փնտռտուքի կարիքը չկայ:
Յիշատակը անթառամ կը մնայ, եթէ փորձենք նմանիլ իրեն:
Մեր կեանքը դեռ շատ կարիք ու պահանջք ունի իր նմաններուն:
Ցտեսութի՛ւն, Արփի:
Յիշատակդ «լաւ» պիտի մնայ վստահաբար:
Եւ քու տիպարդ պիտի ապրի:


