
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Տանիել Ակեր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Սերպիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (Եուրօ-2016):
Կեդրոնի յետսապահը, որ 8,5 տարի մաս կազմելէ ետք Լիվըրփուլին, վերամիացաւ իր նախկին ակումբին` Պրոնտպիի, վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին Հոպրոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Դանիոյ ախոյեանութիւն):
Նշենք, որ մարզիչ Մորթըն Օլսընի կազմը իր կատարած վերջին մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Փորթուգալէն:


