Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Ժունիէ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, այսօր կը մրցի Շեպիպէի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:00-ին, տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
Իսկ Դ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Թրիփոլի իր մրցումը պիտի կատարէ վաղը, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, նոյն դաշտին վրայ մրցելով Սաքաֆի Տէյր Ահմարի դէմ:
Ինչ կը վերաբերի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, հիւսիսային Լեռնալիբանանի նահանգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ այսօր, յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին, Սանթրալի դաշտին վրայ կը մրցի Համլայայի դէմ:
Իսկ ՀՄԸՄ Անթիլիասի տղոց կազմը իր մրցումը կը կատարէ վաղը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սանթրալի դաշտին վրայ մրցելով Շեպիպեթ Տուարի դէմ:


