Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. «Ծաղկավաճառ Կինը»

November 7, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

1107heraԿարմիր, կանաչ, ճերմակ, դեղին, մանիշակագոյն… ծիածանի գոյները չեն. լաւատեսութիւն ցոլացնող երեւոյթ մը. երեւոյթ մը, որ ուրիշ շատ տարօրինակ երեւոյթներու նման` Լիբանանի մէջ մեզ բերանաբաց կը ձգէ: Երեսունչորս տարի է կը կրկնուի այս երեւոյթը: Ամէն շաբաթ առաւօտ, ժամը 8:30-ին, դուռը կը զարնուի` մեղմ արայայտութեամբ, հազիւ ժպիտ մը գծագրած դէմքին, բայց չարաճճի նայուածքով մը ինծի (գիտէ անհամբեր կը սպասեմ) «սըթ Մարին» ուրիշին համար` «ըմ» Սամիրան» գոյն ու բուրմունք կը հիւրասիրէ մեզի:

Ծաղկեփունջերու հսկայ խուրձ մը գլխուն վրայ` կը թակէ մեր շէնքին դռները բոլոր եւ… ուրախութիւն կը բաժնէ: Յաճախ ես աւելի կանուխ պատշգամէն կը կախուիմ բառին բուն իմաստով` ստուգելու համար, թէ եկա՞ծ է. ի՞նչ ունի հետը` վա՞րդ, մեխա՞կ, կակա՞չ, ապրիմ-մեռնի՞մ. անանուն ծաղիկներու փունջե՜ր, փունջե՜ր. լոյս, յոյս, գոյն: Ի՜նչ չտեսութեամբ կը նայիմ այդ փունջերուն. մե՛ղք, որ բոլորը գնել չեմ կրնար, կ՛այլայլիմ – կը մնամ` ո՞ր մէկը: Եղանակին համաձայն, այլազանութիւնը կ՛աւելնայ կամ կը պակսի, բայց` ո՛չ ուրախութիւնը:

Այս կինը կեանքը կը շահի դժուար պայմաններու մէջ, ձմրան ցուրտին, ամրան տաքին, տօթ օգոստոսին միշտ ներկայ է այդ ծանր բեռով, բայց ինք, թեթեւ ու ճկուն պարմանուհիի մը նման, կ՛անցնի անքուն աչքերուս դիմացէն. որքան ալ անտրամադիր ու նեղուած ըլլամ, ժպիտս լա՜յն կ՛ուրուագծուի դէմքիս վրայ, ու Նորայրն ալ այդ ուրախութեանս չդիմանալով` կ՛ընդառաջէ…

Յաճախ կը մտածեմ, կեանքը «սխալմամբ» աղուոր երեւոյթներու դիմաց ալ կը ձգէ մեզ` թոռնիկի մը խելացի արտայայտութիւնը, անուշիկ ժպիտը, անկեղծ բարեկամի մը համբերատար ունկնդրութիւնը, հասկցող աչքերով, հարցերը ընկալելով հետդ ու… ծաղկավաճառ կինը, շարքը երկար չէ, որովհետեւ կեանքը դժուար է ու ժլատ:

Ծաղկավաճառ կինը իր բերած, առթած ուրախութեան գիտակցութիւնը չունի, գրեթէ առանց արտայայտութեան ու խօսքի` գանձած գումարին համար ցած ձայնով շնորհակալութիւն կը յայտնէ ու կ՛անհետի` ետին ձգելով թարմ կանաչի հոտը ու քանի մը տերեւ աստիճաններուն վրայ. կը մնամ իմ մտորումներուս հետ ու արտօրանքով  ծաղկամաններս լեցնելու կը վազեմ:

Կ՛ըսեն, որ Թրիփոլիէն կու գայ, ութսունը անց է, ամէն օր քաղաքին մէջ երկու-երեք թաղ կ՛ընէ ու կը վերադառնայ տուն:

Աստուած երկա՜ր կեանք տայ:

Նախորդը

«Լիպանիզ Միուզիք Սքուլ» Երաժշտական Դպրոցի Վերամուտ

Յաջորդը

Չորս Տարուան Մէջ Միա՞յն 500

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.