Երէկ Իտալիայէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի քոնկ ֆուի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք միջազգային մրցաշարքի մը, որուն մասնակցեցան 66 երկիրներու աւելի քան 4 հազար երկսեռ մարզիկներ:
Այս մրցաշարքին Լիբանան տիրացաւ 18 մետալի:
Լիբանանի Քոնկ ֆու ուու շուի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Պասսամ Նոհրա ըսաւ, որ արձանագրուած այս յաղթանակը կը նուիրէ Լիբանանեան բանակին եւ զոհուած նահատակ զինուորներուն ընտանիքներուն:
Ստորեւ` Լիբանանի մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքները.
Քրիս Տըրղամ` 2 ոսկի եւ 1 պրոնզ
Նաժուա Իսա` 4 ոսկի եւ 2 արծաթ
Ալի Այուպ` 2 ոսկի եւ 2 արծաթ
Ռապիհ Աքիքի` 2 արծաթ եւ 1 պրոնզ
Ֆուատ Տեմըրճի` 1 արծաթ
Թոնի Քարամ` 1 արծաթ


