Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փոխհատուցման Համար, Թուրքիա Պէտք Է Արարատը Զիջի Հայաստանի Հանրապետութեան». Աւստրալիական Էյ. Պի. Սի. Պատկերասփիւռի Կայանին Հարցազրոյցը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքի Հեղինակ, Մարդկային Իրաւանց Փաստաբան Ճեֆրի Ռապըրթսընի Հետ

November 4, 2014
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

r1035200_11878237Մարդկային իրաւանց փաստաբան Ճեֆրի Ռապըրթսըն Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր նոր գիրքին` «Անյարմար ցեղասպանութիւն մը»-ին մասին աւստրալիական ԷՅ. ՊԻ. ՍԻ. պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած է հետեւեալ հարցազրոյցը.

Էյ. Պի. Սի.- Առաջին հերթին մեզի բացատրեցէք ԱՆԶԱՔ-ի ցամաքահանումին եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ կապը:

ՃԵՖՐԻ ՌԱՊԸՐԹՍԸՆ.- Կապը ուղղակի է: Այս ցեղասպանութիւնը, ինչպէս բոլոր ցեղասպանութիւնները, սկսաւ մտաւորականներու եւ ղեկավարներու սպանութեամբ: Անոնք սպաննուեցան 24 ապրիլ 1915-ի գիշերը, Պոլսոյ մէջ, որ ներկայիս Իսթանպուլ կը կոչուի: Թուականը բան մը կը յուշէ՞ ձեզի: Անիկա Կալիփոլիի մէջ ԱՆԶԱՔ-ի ցամաքահանումին նախորդող գիշերն է. վերջինս իբրեւ պատրուակ ու ծածկոյթ օգտագործուեցաւ ձերբազատելու համար 2 միլիոն հայ բնակչութեան աւելի քան կէսէն: Այդ հարցը անակնկալ մը չէր: Թուրքերը նախապէս եւս հայեր ջարդած էին, անոնք սկսած էին իրենց գերակայութիւնը ընդգծելու արշաւ մը, որուն մէջ իրենց զարգացած զաւակները «վերէն» կը դիտէին հայերը, ճիշդ ինչպէս նացիները կը վարուէին հրեաներուն հետ, եւ երկու ցեղասպանութիւններուն միջեւ բաւական նմանութիւններ գոյութիւն ունին:

Էյ. Պի. Սի.- Թուրքերը կ՛ըսեն, թէ ցեղասպանութիւն չէր, այլ` տեղափոխութիւն:

ՃԵՖՐԻ ՌԱՊԸՐԹՍԸՆ.- Անոնք շատ բաներ կ՛ըսեն: Ես փաստերուն շուրջ հետազօտութիւն կատարեցի, եւ կասկած չկայ, որ տեղափոխութիւնը այն մեղմասացութիւններէն է, որ կ՛օգտագործուի ցեղասպանական պետութիւններուն կողմէ: Նացիները «պարպում» եզրը օգտագործեցին, իսկ թուրքերը` «տեղափոխութիւնը»: Այն, ինչ որ անոնք ըրին, ստիպելն էր ծերերուն, կիներուն եւ մանուկներուն` հարիւրաւոր մղոններ քալել կիզիչ անապատին մէջ դէպի այնպիսի վայրեր, որոնց մասին այժմ գիտենք պարզապէս, որովհետեւ ՏԱՀԵՇ-ը զանոնք գրաւած է: Այդ ժողովուրդին շուրջ երեք քառորդը մահացաւ` ոմանք յարձակումներու ենթարկուելով, ուրիշներ սովէն, որովհետեւ անոնց կերակուր չէր տրուեր, ուրիշներ մահացան կեդրոնացման ճամբարներու մէջ թիֆիւսէն: Ես ՄԱԿ-ի դատաւոր եղած եմ եւ այն, ինչը այս գիրքին մէջ ըրած եմ, կիրարկելն է օրէնքը` հիմնուելով 1915-ի իրողական փաստերուն վրայ, եւ կասկած չկայ, որ այն, ինչ որ պատահած է, իրաւաբանական եզրաբանութեամբ, Ցեղասպանութիւն էր:

Էյ. Պի. Սի.- Ուրեմն, ձեր կարծիքով, այդ հարցին վերաբերեալ ներկայիս ի՞նչ պէտք է կատարուի:

ՃԵՖՐԻ ՌԱՊԸՐԹՍԸՆ.- Ասիկա ցեղասպանութիւն մըն է, որուն համար փոխհատուցում եւ ներումի հայց չէ եղած: Կը կարծեմ, որ Թուրքիա պէտք է գիտակցի, որ ձեւանալով, թէ բնաւ ոճիր չէր, կը ձեւանայ, որ ռազմական կարիք մըն էր: Սակայն հարիւր հազարաւոր մարդիկ մինչեւ մահ քալելու ստիպելը ռազմական կարիք մը չէր:

Կը կարծեմ, որ Թուրքիա պէտք է ընդունի այն իրողութիւնը, որ եթէ պիտի չօգտագործէ «ցեղասպանութիւն» բառը, առնուազն մարդկութեան դէմ ոճիր մըն էր: Երբեք ներում չէ հայցուած, փոխհատուցում չէ եղած: Կը կարծեմ, որ պէտք է փոխհատուցում ըլլայ. հազարաւոր հայկական եկեղեցիներ կան, որոնք կրնան վերականգնուիլ: Ես գիրքիս մէջ ջատագոված եմ այն գաղափարը, որ փոխհատուցման համար, Թուրքիա պէտք է Արարատը զիջի Հայաստանի Հանրապետութեան: Ատիկա Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի օրը փոխհատուցում կատարելու պատշաճ ձեւ մը պիտի ըլլար:

Էյ. Պի. Սի.- Անշուշտ Թուրքիա այդ մասին չ՛ուզեր լսել: Արդեօք ներկայիս յարմա՞ր պահն է թշնամացնել Թուրքիան, երբ անիկա իր ռազմակայաններով կ՛օժանդակէ Արեւմուտքին` ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի, որ ցեղասպանութիւն գործելու ձգտող մէկ այլ խմբաւորում մըն է:

ՃԵՖՐԻ ՌԱՊԸՐԹՍԸՆ.- Ներկայիս ճշմարտութիւնը ըսելու դժուար ժամանակ մըն է, եւ այդ է պատճառը, որ գիրքս «Անյարմար ցեղասպանութիւն մը» կոչեցի: Նախագահ Օպամա 2008-ի իր ընտրարշաւին ընթացքին ըսաւ. «Յստակ կերպով ցեղասպանութիւն էր, եւ զայն այդպէս պիտի կոչեմ, երբ նախագահ դառնամ»: Այդ մէկը չկատարեց ձեր ակնարկած ռազմակայաններուն պատճառով, սակայն պիտի փափաքէի առնուազն Աւստրալիոյ խորհրդարանէն ներկայացուցիչ մը յառաջիկայ տարի Երեւան երթար ու ըսէր, որ տեղի ունեցածը ողբերգութիւն մը չէր, այլ` ոճիր մը:

Էյ. Պի. Սի.- Ինչո՞ւ այդքան կարեւոր է զայն ցեղասպանութիւն կոչել եւ ոչ` զանգուածային բռնարարքներ կամ այլ բան:

ՃԵՖՐԻ ՌԱՊԸՐԹՍԸՆ.- Այդ մէկը առաջին հերթին կարեւոր է զոհերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն համար: Վերջիններէս ոմանք տակաւին ողջ են եւ անցեալ տարի հանդիպում ունեցան նախագահ Օպամայի հետ: Անոնք իրենք զիրենք ցեղասպանութեան զոհ կը զգան: Ես մեծ հօրս եղբայրը կորսնցուցած եմ. ան թուրք զինուորի մը կողմէ գնդակահարուած էր Կալիփոլիի մէջ, սակայն ցեղասպանութեան զոհ ըլլալը այլ բան է: Ցեղասպանութիւնը ոճիրներուն վատագոյնն է եւ փոխհատուցման կը կարօտի, ուստի կը կարծեմ, որ արժանի է ցեղասպանութիւն կոչուելու: Թեքնիք գետնի վրայ ցեղասպանութիւն է. մենք Ցեղասպանութեան ուխտ մը ունինք, աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները զայն վաւերացուցած են: Այդ ուխտը փոխհատուցման կարիքը կը նշէ եւ կ՛ընդգծէ, որ այս մարդիկը պարզապէս պատերազմի զոհեր չէին, այլ` իրենց ցեղը բնաջնջելու փորձի մը զոհերը: Այդ մէկը նաեւ անմիջական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ գոյութիւն ունի ՏԱՀԵՇ-ը, որ ցեղասպանութիւն գործելու նպատակներ ունի, կը սպաննէ քրիստոնեայ եւ շիի համայնքները: Ուստի շատ կարեւոր է, որ այս եզրը պահենք եւ պարտաւորութիւնը դնենք նշեալ պետութեան վրայ, որպէսզի փոխհատուցում կատարէ ոճիրի մը համար, որուն խորքը ժողովուրդի մը մէկ մասը ցեղային կամ կրօնական պատճառներով բնաջնջելու վճռակամութիւնն է:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Վարձքերու Բռնագաղթիչ Սեւ Օրէնքը Եւ Սեփականատիրութեան Արդի Բնոյթը

Յաջորդը

Մեր Արժէքներէն` Աւօ Գույումճեան

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.