Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարօրինակ Է, Որ Թուրքիան Չի Յայտարարեց Հայկական Եկեղեցւոյ Ցուցանակին Ուղղումը

November 3, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

1031akhtamarՆոր իմացած եմ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անաղմուկ ուղղած է Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մօտ գտնուող ցուցանակը` նշելով անոր «հայկական» ծագումը:

Տասնամեակներ շարունակ թրքական իշխանութիւնները  համակարգուած ձեւով թաքցուցած են հայկական եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու իսկական ինքնութիւնը, որպէսզի ոչ ոք յիշէ, որ հայերը հազարաւոր տարիներ ապրած են այժմ  Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ բռնագրաւուած հողերու վրայ: Չբացայայտելով հայկական քաղաքակրթութեան հետքերը` թուրք պաշտօնեաները յոյսով էին, որ այդպէս հարկ չ՛ըլլար բացատրել հայերու անհետացումը. թրքական ժխտողականութեան այլ դրսեւորում մը:

Տակաւին 2007 թուականին թրքական կառավարութիւնը բացման շքեղ արարողութիւն կազմակերպեց 10-րդ դարու Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք: Մինչ որոշ հայեր միամտօրէն մասնակցեցան թրքական քարոզչական հանդիսութեան, ես քանի մը քննադատական յօդուած գրեցի`մատնանշելով, որ թրքական իշխանութիւնները չեն թոյլատրած հայկական եկեղեցական արարողութիւն (բացառութեամբ` տարին մէկ անգամ) եւ մերժած են եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ տեղադրելու թոյլտուութիւնը: Անոր փոխարէն` Սուրբ Խաչ եկեղեցին պաշտօնապէս ներկայացուած է իբրեւ թանգարան եւ դրուած` Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, այլ ոչ թէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի ենթակայութեան տակ: Աւելի ուշ խաչը տեղադրուեցաւ եկեղեցւոյ գմբէթին:

2007 թուականի իմ յօդուածիս մէջ չէի գրած  եկեղեցւոյ ցուցանակի վրայի արձանագրութեան մասին, ուր որեւէ յիշատակում չկար հայերու վերաբերեալ` ոչ անգլերէն, ոչ ալ թրքերէն: Ստորեւ կը ներկայացուի այդ նախկին արձանագրութեան վերնագիրն ու առաջին բառերը, որոնք գրուած էին անգլերէնով.

«Աքտամար կղզի եւ յուշարձան-թանգարան: Վճարը` 5 թրքական լիրա: Աքտամար կղզի եւ եկեղեցի: Աքտամար եկեղեցին կառուցուած է վանականներու եւ ճարտարապետ Մանուէլի կողմէ, 915-921 թուականներու ընթացքին, Վասպուրականի Գագիկ Ա, թագաւորին պատուէրով…»:

nm_ahtamar_1151Անցեալ շաբաթ Կլենտեյլի հայկական գրախանութին մէջ պատահմամբ հանդիպեցայ Անգարայի համալսարանի դոցենտ Սենեմ Չեւիքին, որ ինծի ցոյց տուաւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ցուցանակին երկու տարբեր լուսանկարները: Առաջինին վրայ, որ ան լուսանկարած էր մէկ տարի առաջ, պատկերուած էր վերոյիշեալ արձանագրութիւնը: Իսկ երկրորդին, որ անցեալ ամիս նկարած էր անոր գործընկերներէն մէկը, կ’երեւէր նոր արձանագրութիւնը, որ կառոյցը կը ներկայացնէ իբրեւ հայկական եկեղեցի.

«Աղթամարի հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցի: Եկեղեցին կառուցուած է վանական ճարտարապետ Մանուէլի կողմէ, 915-921 թուականներու ընթացքին, Վասպուրականի Գագիկ Ա, թագաւորին պատուէրով: Կառուցուած է երեքնուկի չորս տերեւներու ձեւով եւ խաչաձեւ հիմքին համաձայն, եկեղեցին ներսէն ծածկուած է գմբէթով, իսկ դուրսէն` բրգանման կոնով: Եկեղեցին ունի երկու դարպաս, մէկը  հարաւային, իսկ միւսը` արեւմտեան կողմէն: Հետագայ ժամանակշրջաններուն եկեղեցւոյ կից աւելցուած են Զաքարիա Ա.-ի մատուռը, ժամատուն մը եւ զանգակատուն մը, իսկ Սուրբ Ստեփանոսի մատուռը կառուցուած է առանձին: Սուրբ Խաչ անունով կառուցուած եկեղեցին 1131 թուականին վերածուած է վանքի:  Եկեղեցւոյ ճակատի քարէ քանդակներուն վրայի կրօնական տեսարանները վերցուած են Հին ու Նոր Կտակարաններէն, պալատական կեանքէ, որսի տեսարաններէ, ինչպէս նաեւ պատկերուած են մարդոց եւ անասուններու նկարներ: Այս պատկերները կարեւոր են, քանի որ անոնք եկեղեցին կը տարբերեն միւս եկեղեցիներէն: Եկեղեցւոյ ներսի պատերուն կան տարբեր որմնանկարներ, որոնք կը ներկայացնեն Աստուածաշունչէն վերցուած նկարագրութիւններ:

Անգլերէնով եւ թրքերէնով գրուած այս նոր արձանագրութեամբ Սուրբ Խաչ եկեղեցին յստակօրէն նշուած է իբրեւ հայկական եկեղեցի: Սակայն տակաւին կայ մէկ խնդիր: Թէեւ եկեղեցւոյ անունը անգլերէնով ճիշդ գրուած է` Աղթամար, սակայն թրքերէնով անիկա ներկայացուած է թրքացուած անունով` Աքտամար:

Ես միայն կրնամ ենթադրութիւններ ընել,  թէ ինչու Թուրքիոյ կառավարութիւնը հրապարակային յայտարարութիւն չէ ըսած Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բարեփոխուած արձանագրութեան վերաբերեալ: Ահա` որոշ հնարաւոր պատճառներ.

– Թուրք ցածրաստիճան պաշտօնեաներու տգիտութիւնը, որոնք չեն հասկցած այս փոփոխութեան գովազդային արժէքը:

– Բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներու դժկամութիւնը` վախնալով, որ իրենք ծիծաղելի վիճակի մէջ պիտի յայտնուին, եթէ յոխորտալով յայտարարեն մէկ ակնյայտ բան, որ շատոնց արդէն պէտք էր եղած ըլլար:

– Թուրք պաշտօնեաներու մտավախութիւնը, որ թէեւ վերանայուած նիւթի հրապարակայնացումը դրական տպաւորութիւն պիտի ստեղծէ արտաքին աշխարհի մէջ, սակայն իրենք քննադատութեան թիրախ պիտի դառնան երկրին մէջ` հայերուն ծառայութիւն մատուցելու համար:

– Նորընտիր թուրք ղեկավարներու ուշադրութեան շեղումը այս հարցէն` այլ աւելի հրատապ խնդիրներու պատճառով: Անոնք դեռ կրնան աւելի ուշ այս մասին յայտարարութիւն ընել:

Նոյնքան տարօրինակ է այն հանգամանքը, որ հայկական կողմէն ոչ մէկը, ներառեալ` Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը, որեւէ բան չէ ըսած Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հայկական ծագումը վերահաստատող նոր արձանագրութեան մասին:

Կը մնայ միայն յուսալ, որ Աղթամարի եկեղեցւոյ ցուցանակին այս ուղղումը նախերգանք պիտի ըլլայ հայկական մշակութային ժառանգութեան նման ճանաչման` Թուրքիոյ բոլոր թանգարաններուն մէջ, եկեղեցիներուն եւ յուշակոթողներուն մէջ, ներառեալ` քաղաքամայր Անին:

 

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

 

Նախորդը

Քաջ Հովիւ

Յաջորդը

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Յիսնամեակի Կալա-Ընթրիքը Հայ Դպրոցի Զօրակցութեան Նոր Առիթ Մը Հանդիսացաւ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.