Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Իքեր Քասիաս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին խօսեցաւ խումբին յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Մէջբերելով անոր խօսքերը` «Մարքա» կ՛ըսէ. «Մինչեւ Ս. Ծննդեան տօնը ամէն ճիգ պէտք է ի գործ դնենք գլխաւորելու համար «Լա լիկա»-ի աղիւսակը: Պէտք է շարունակենք նաեւ մեր պայքարը` Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով եւ պէտք է «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի յաջորդ հանգրուան հասնինք, ֆութպոլը շահ փոփոխութիւններ ունի: Մեր նպատակն է, մինչեւ մարտ-ապրիլ, շատ վիրաւորներ չունենալ, որպէսզի յստականայ, թէ ո՛ր տիտղոսներուն կրնանք տիրանալ»:


