Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Բ. Յաղագս Թատերական Գրաճանաչութեան

October 31, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ1031_HB_1

Ելոյթներ` լուսարձակի տակ.– Այս յօդուածը երկրորդն է այն շարքին, որ պիտի փորձէ արժեւորել «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին  ներկայացուցած «Աստուածային կատակերգութիւն»-ը (այսուհետեւ` ԱԿ): (Տե՛ս «Ազդակ», 11 սեպտ. 2014): Այս յօդուածը եւս ջատագովութիւն մըն է` յաղագս «թարգմանական» ելոյթներու գրագիտութեան: Այսինքն` բնագիրներու պատմական հոլովոյթի ծանօթութեան:

Շթոքի թատրերգութիւնները(1) մինչեւ օրս կը ներկայացուին նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Անոնք, որոնք ռուսերէն լեզուին ծանօթ են, համացանցի վրայ կրնան տեսնել բազմաթիւ աղբիւրներ: Իսկ «Կուկըլ»-ը ի յայտ չբերաւ արեւմտեան լեզուով որեւէ ակնարկ:

Սունդուկեան թատրոնին մէջ, 1968-ին, փիէսը բեմադրած է Հրաչեայ Ղափլանեանը, իսկ 1985-ին Մալեանի թատրոնին մէջ` Աշոտ Ադամեան: Վերջինը  1993-ին երաժշտախառն ԱԿ-ը որպէս հիւրախաղ բերած է Լիբանան (ըստ իր Դիմատետրի) գործակցութեամբ «Théâtre du Liban»-ի հետ (այժմ չգո՞յ): Կ’ենթադրեմ, որ «զոհրապեան» տարբերակը հիմնուած է այդ ելոյթին կրճատուած բնագիրին վրայ: Կողքի նկարները ցոյց կու տան միեւնոյն տեսարանը (Ադամ եւ Եւա` կողք կողքի քնացած)` ըստ Արքատի Ռայքին թատրոնի 2013-ին աւելի քան  3 ժամ տեւող երաժշտախառն շքեղ ելոյթին եւ ըստ զոհրապեան կրճատ մեկնաբանութեան:

«Ազդակ»-ի էջերուն վրայ, թատրերգութեան յայտագիրին մէջ եւ բերանացի ելոյթներու ընթացքին կրկին ու կրկին կը յայտարարուի, թէ «Տէր Մելքոնեան»-ի ելոյթը հիմնուած է Տանթէի ԱԿ-ին, Շթոքի համանուն գործին, զոհրապեան թարգմանութեան, եւ այն մտքին վրայ, թէ Աստուած եւ երկնային էակները նման են  մաֆիոզներու, «որոնք ամէն բան ունին եւ ամէն ինչ կրնան ունենալ», ուստի` «սկսած են ձանձրանալ»: Մինչ ռուսական աղբիւրներ, որոնք փիէսի բեմադրութիւնները կը դիտեն աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր, կ’ըսեն,  թէ ԱԿ բացի վերնագիրէն հասարակաց ոչինչ ունի Տանթէի համանուն գործին հետ : Ռուսերէնով` «Քրոմը նազվանիյա նիչիվօ ապշիվա մյեժտու նիմի նյեթ» տես, օրինակ,  http://gov.spb.ru/gov/otrasl/c culture/news/39133/):

Պատասխանելով անյայտ առարկութիւններու` բեմադրիչը  կ’ըսէ. «Համազգայինը դասական դպրոց  չէ, այլ ամէն ոճի ներկայացուցիչը պէտք է ըլլայ»: Ճշմարի՛տ: Բայց այդ չէ հարցը: Ի՞նչ կը ստացուի, երբ հակոտնեայ թատերական դպրոցներ իրարու վրայ դարսուին ՄԻԵՒՆՈՅՆ թատրերգութեան մէջ: Գաղափարի եւ գեղարուեստական ուղղութեան կուռ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ հիմնական  յատկանիշն է արուեստի ամէն վաւերական գործի: Կարօ Մեհեան կ’ըսէ.  «Թատերագիրը իր երկի կառուցման ատեն ուշադիր պիտի ըլլայ պահելու տրամաբանական շղթայաւորումը»(2): Կարելի է յարգել գեղարուեստական կուռ գործեր` առանց բաժնելու հեղինակին պատգամը: Այդ էր, օրինակ, «Իփէկեան»-ի նախորդ ելոյթին` «Ճաղատ սոփրանոն»-ին  հանդէպ հրապարակային քննարկման մoտեցումը: «Ճաղատ սոփրանոն»-ն կարկառուն նմուշներէն մէկն է անհեթեթի թատրոնին, որուն «երկրպագուն» չեմ:

1031_HB_2Եթէ թատրերգութիւնը հիմնուած ըլլար բացառաբար վերջին (մաֆիոզատես) գաղափարին վրայ, այս յօդուածը այլ ուղղութեամբ կ’ընթանար: Ո՛չ այն պատճառով, որ այդ ինքնատիպ գիւտ է(3) թատերական, քաղաքական եւ կամ աստուածաբանական իմաստով, այլ` յարգելու համար բեմադրիչի իր ուղղութիւնը ընտրելու եւ իր «խօսքը ըսելու» ազատութիւնը:

Բազմաթիւ արուեստի գործեր ներշնչուած են ԱԿ-էն: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ Օմար Մուճայեսի բեմադրութիւնը «Մասրահ Մատինէ»-ի մէջ, 2012-ին: Կան նաեւ օրինակներ արուեստի այլազան ճիւղերուն մէջ` քանդակագործութենէ մինչեւ օփերա, ծայրագոյն արեւելքէն մինչեւ ծայրագոյն արեւմուտք:  Բայց Շթոքի համանուն թատրերգութիւնը եւ «Տէր Մելքոնեան»-ի ելոյթը ոչ մէկ աղերս ունին Տանթէի ԱԿ-ին հետ: Ես պատասխանատու եմ խօսքերուս: Ի դէպ, պոէմը կատակերգական իսկ չէր: Այդպէս դասուած էր, որովհետեւ ունէր «բարեզարդ աւարտ»:

1031_HB_33Խթման Գիշերուան Ուղեւորութիւն մը.- (4) Տանթէի (Տանթէ Ալիկիէրի 1265-1321) ԱԿ-ն այլաբանական տեսիլ մըն է: Կը նկարագրէ հրաշափառ յարութեան նախորդող խթման գիշերը կատարուած հոգիի ուղեւորութիւնը` առ Աստուած: Կը սկսի դժոխքէն եւ կ’աւարտի դրախտի մէջ: Մինչդեռ Շթոքի թատրերգութիւնը ուղեւորութիւն մըն է, այսպէս ըսուած, տար-Աստուած: Կը սկսի դրախտէն եւ կ’աւարտի երկրային դժոխքին մէջ: Այդ իմաստով մօտ է Միլթընի (1608-1674)  «Կորուսեալ դրախտ»-ին: Տանթէի կ’ուղեկցին ֆլորանսցի բարեպաշտ կին մը` Պէաթրիս Փորլինարի, (որուն հետ Տանթէ սիրային կապեր ունէր), եւ` հռոմէացի Վերգելիուս (70-19 Ն. Ք.):

Կողքի գծանկարը ցոյց կու տայ այն նաւակը, որ Տանթէն եւ իր առաջնորդը կը տանի դէպի դժոխք (Կիւսթաւ Տորէս, 1860-ական թթ): Արդեօք ոեւէ մէկը Նոր Մարաշի մէջ այս ամրան սկիզբը տեսա՞ծ է զանոնք: Դժուար պիտի չըլլար նման արտերկրային կերպարներ ճանչնալ:

1031_HB_3Կ’ըսուի, թէ Պէաթրիս կը խորհրդանշէր աւետարանական յայտնութիւնը: Իսկ գերազանցօրէն քրիստոնէական ուղեւորութեան մէջ հեթանոս բանաստեղծի մը ներկայութիւնը որպէս ուղեցոյց, զուտ քաղաքական իմաստ ունի: Վերգելիոս երգած է հռոմէական հզօր և մշակոյթով  գերակայ կայսրութեան «յարութիւնը» Տրովադայի մոխիրներէն: Տանթէ իր կարգին կ’երազէր ընդարձակել Շարլըմանի հիմնած «Հռոմէական Սուրբ կայսրութիւնը»: Այս նպատակը բացայայտօրէն արտայայտած է իր «Տը Մոնարխիա» (1315) գործին մէջ, որ ձեռք կ’առնէր ոչ նուազ քան «աշխարհի կառավարումը»:

Տանթէ կը պատկանէր Կուէլֆ ընտանիքի այն թեւին, որ 1302-ին վտարուած էր Ֆլորանսէն տոհմային մրցակցութեան իբրեւ հետեւանք: Տանթէ հուր եւ ծծումբ կը տեղացնէ քաղաքական հակառակորդներու գլխուն: Տանթէ քաղաքական գործիչ մըն էր: ԱԿ-ին մէջ առկայ  բազմաթիւ ակնարկութիւններ ա’յս կը հաստատեն: Հռոմի Պոնիֆիս Է. պապը, օրինակ, կը տեսնուի դժոխքի մէջ: Բայց կը քննադատէ ոչ թէ եկեղեցին, այլ` մոլորած եկեղեցականները: Տանթէ կը հաւատար, որ իր գործը համազօր է  (ուշադի՛ր)… վերանորոգ Աւետարանի:

1031_HB_4Տանթէի գաղափարական դիրքը հիմնականին մէջ թոմական (Թովմաս Ագուինաս 1225-1274)  աստուածաբանութիւնն է, որ երեւան եկած է Եւրոպայի մէջ իսլամական բանականապաշտ մշակոյթի ներթափանցումէն ետք: Ոմանք կը կարծեն, թէ Տանթէի ուղեւորութիւնը դէպի երկինք ներշնչուած է «Քիթեպ-ուլ մի’իրաժ»-էն, զոր նոյնինքն Տանթէի ուսումնական ղեկավարը թարգմանած էր լատիներէնի: Տանթէի տիեզերաբանութիւնը կը հետեւի յունական համակեդրոն գունդերու տեսութեան: Շթոք պահած է այս տիեզերաբանութիւնը` «Գիրք ծննդոց»-ին հետ այստեղ եւս համահունչ մնալու մտահոգութեամբ: Հայերէնի մէջ այդ աստղազարդ գունդը կը կոչուի «երկնակամար»: «Տէր Մելքոնեան»-ի բնագիրը նախ կամարը կոչեց «կամուրջ»: (Կամուրջ դէպի ո՞ւր): Ապա, առարկութենէ ետք, բոլորովին վերացուց երկնակամարի արարման արարքը: Վերացուց  մանաւանդ Դ.-ի քաղաքական առարկութիւնը, թէ երկնակամարը (Իմա` բիւրեղեայ գմբէթ` ըստ յունական տիեզերաբանութեան) կը միտէր սահմանափակել հրեշտակներու (մտքի) թռիչքը: Ելոյթի արարիչը յանկարծ կը հրամայէ` «Հիմա ներկել»: Բայց` ներկել ի՞նչը:

Կայ շատ հիմնական տարբերութիւն ԱԿ-ի եւ Շթոքի թատրերգութեան միջեւ: Տանթէի սատանան Աստուծոյ գործակատարն է: Այն, որուն յանձնուած է մեղաւորները պատժելու պարտականութիւնը: Անշարժ, խլինքոտ, այլանդակ երրորդական խղճալի կերպար մըն է: Մինչդեռ Շթոքի սատանան թատրերգութեան հիմնական շարժիչն (տինամօ) է:

Տանթէի կոթողային պոէմը կազմակերպուած է մետասանավանկ տողերէ եւ այլ եռեակներէ: Այսինքն այդտեղ կայ «թուապաշտական» կառոյց:  Վարդարանային 33-ը (3×11) Քրիստոսի տարիքն է : Բայց այլ ցուցանիշներ կը մնան խորհրդաւոր: Նման ազդանիշներ կը թելադրեն գաղտնի եղբայրութեան մը իր պատկանելութիւնը: Յիշենք, որ Տանթէ քաղաքական աշխուժ գործիչ մըն էր: Տանթէ ԱԿ-ի վրայ աշխատած է մինչեւ իր մահը: Ամբողջ 13 տարի:

ԱԿ կարեւոր է նաեւ անոր համար, որ գրուած է խօսակցական իտալերէնով եւ օգնած` կերտելու այն գրական լեզուն, որ փոխարինեց լատիներէնը: Քաղաքական գործիչ Տանթէ (ինչպէս` Աբովեան եւ այլք) անշուշտ պիտի չգրէր դասական լատիներէնով, զոր շատ քիչեր կը հասկնային: Գործը նաեւ իր «լեզուին» պատճառով դասուած է որպէս «կատակերգութիւն», այսինքն` որպէս «ցած» արուեստ:

Ի սէր Պուտտայի, այս բոլորէն ո՞րն էր առկայ «Տէր Մելքոնեան»-ի ելոյթին մէջ:

Սիկիլիական.– 19-րդ դարուն հարաւային Իտալիան տակաւին կիսա-աւատապետական էր: Մաֆիան այն կազմակերպութիւնն էր, որ հասարակութեան կը պարտադրէր ենթարկուիլ աւատապետներուն:

Տեղական այս այլընտրանքային «իշխանութիւնը» ընդունելի, նոյնիսկ բաղձալի էր, որովհետև տեղացիք ո՛չ վստահութիւն եւ ո՛չ ալ յարգանք ունէին կեդրոնական կառավարութեան նկատմամբ:

1031_HB_9Միւս կողմէ` մաֆիան ունէր իր իւրայատուկ բարոյական հանգանակը, որուն հանդէպ մեղանչողները դաժանօրէն կը պատժուէին: Մաֆիան կը հաւատար ընտանիքի սրբութեան, հաւատարմութեան, մեծահոգութեան եւ այլն: Սիկիլեան մաֆիան վեթօ դրած էր թմրանիւթերու դէմ, որովհետեւ անոնք կը քանդեն ընտանիքը: Թերեւս նոյն պատճառով դէմ էր նաեւ միասեռականութեան: Մաֆիան կը հոգար անկարները: Փոքր հաւաքականութեան պատկանիլը առաւել եւս գրաւիչ էր անոր համար, որ անհատը կը ձերբազատէր «մեծ հաւաքականութեան»  հանդէպ իր պարտաւորութիւններէն:  Cosa Nostra-ն (Notre chose), հայերէնով «պարզապէս «մերը», կը հակադրուէր «cose loro»-ին («leur chose»), այսինքն` «իրենց բան»-ին:

Մաֆիան ունէր իւրայատուկ ծէսեր, որոնք կը նմանէին մասոնական խորհրդանշաբարձ ձեւապաշտութեան: Մաֆիոզները պէտք չէր պեխ ու մօրուք պահէին: (Ոմանք թերեւս յիշեն, որ Քորլէօնէի դաւաճան եղբայրը պեխաւոր էր): Մաֆիան ունէր իր բրգաձեւ կառոյցը: Չեմ մանրամասներ` նիւթէն աւելի չհեռանալու համար:

Արդեօք ձեզմէ մէկը Նոր Մարաշի մէջ այս գարնան տեսա՞ծ է որեւէ քոնսիլիե՜րի (խորհրդատու):

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք թէ՛ Իտալիոյ, եւ թէ՛ Ամերիկայի մէջ տեղի ունեցան մեծ տեղաշարժեր: Ֆրանսիս Ֆորտ: Քոփոլայի «Տը Կատֆատըր» եռեակը (1972-90) ցոյց տուած է, թէ ինչպէս կրտսեր Տոն Քորլէոնը կ’աղաւաղէր դարաւոր աւանդոյթները: Կը քանդէ իր իսկ ընտանիքը: Նկատել, որ ժապաւէնը լայն տեղ կու տայ կրտսեր Քորլէոնէի Համաշխարհային Բ. պատերազմէն վերադարձին: Այսինքն կը հաստատէ ժապաւէնի թուականը: Տը Կատֆատըր ձեւով մը եղերերգն էր մաֆիայի` որպէս սիկիլիական հայրիշխանական ընկերութեան ստեղծած այլընտրանքային ինքնակառավարման ձեւ:

Մաֆիան ստուերային կազմակերպութիւն է: Երբեք պետութեան դեր չէ խաղացած: Երկաթուղիներ եւ դպրոցներ չէ կառուցած: Խորքին մէջ ոչինչ շինած է: Ի՞նչ տրամաբանութեամբ յանկարծ պիտի ձեռնարկէր ամբողջ տիեզերքի մը արարչութեան: «Արարչագործ մաֆիայի» տիպարը սպրդեցնել Շթոքի գործին մէջ` կարելի է տեսնել որպէս (բեմադրիչի սրտին ամուր փարած) անհեթեթի մաքսանենգութիւն: Բայց չէ՞որ անհեթեթ չի նշանակեր տրամաբանութենէ զուրկ:

Անշուշտ այսօր եւս, աւելի քան երբեք, գոյ է ստուերային տնտեսութիւնը` նոր, աւելի անմարդկային ձեւերով: Գոյ են յանցագործական այլազան կազմակերպութիւններ: Բայց անոնք «մաֆիաներ» չեն:

Կարելի չէ պատմականօրէն իմաստաբարձ բառեր անհաշիւ ցրուել ի ձախ ու յաջ: Այդ ցոյց կու տայ անգիտութիւն: Իսկ անգիտութիւնը կը ներշնչէ արտայայտուողին հանդէպ յարգանքի նուազում: Այս կէտը, ցաւօք, կը տեսնենք նաեւ քրոնիկներու մէջ: Ճիշդ չէ, օրինակ, Էրտողանը որակել «ֆաշիստ»: Յարիր ածականներ չեն պակսիր: Կարելի է զայն կոչել ամբոխավար շառլաթան, դիմակաւոր աւազակ եւ վերջերս նաեւ` «լիւքս-ամոլ»: Ինչեւիցէ:

Դրախտազրկման աւելի արդի նախատիպը.– Ինչպէս նշեցի, Աստծու եւ ընդդիմադիր ուժի բախումը կեդրոնական բներգ է ոչ թէ` Տանթէի ԱԿ-ին, այլ Միլթընի «Դրախտ կորուսեալ»-ի  մէջ:

1031_HB_5Կ’ենթադրուի, որ Ճոն Միլթընի (1608-74) «Փարըտայզ Լոսթ»- իր վերջնական ձեւը ստացած է 1650-ական թուականներուն որպէս դիւցազներգութիւն: Բայց այդ պարտադրուած քայլ մըն էր: Միլթըն 1642-ին արդէն իսկ մշակած էր «Ադամ դրախտազրկուած» նիւթով ողբերգական թատրերգութեան մը մանրամասն ծրագիրը: Միլթըն ստիպուեցաւ թատրերգութիւնը վերածել պոէմի` շարք մը պատճառներով: Նախ` որովհետեւ այդ օրերու Քրոմուէլի ղեկավարած «Մաքրակրօնական» (puritan) շարժումը (1653-58) Անգլիոյ մէջ փակած էր թատրոնները: Բացի այդ, արգիլած էր զԱստուած անձամբ ներկայացնել որեւէ բեմի վրայ: Արգիլած էր նոյնիսկ ներկայացնել սուրբգրային որեւէ տեսարան: (5) Կային նաեւ թատերական ծրագիրէն հրաժարելու «արհեստագիտական» պատճառներ: Միլթընի հերոսներու երկարապատում մենաճառերը թատրերգութիւնը պիտի վերածէին տաղտկալի ատենախօսութեան մը: Աւելի՛ն. արարչագործութեան հոյածաւալ տեսարաները այդ օրերու միջոցներով կարելի չէր ըստ պատշաճի ներկայացնել: Նման փորձեր սկսած են դարեր ետք միայն:

Շթոքի եւ Միլթընի սատանաները .– Կողքի տեսարանը ցոյց կու տայ 1970-ական թուականներու «Կորուսեալ դրախտ»-ի օփերային շքեղ տարբերակ մը: Երկրագունդի գագաթին ծառացած կը տեսնենք հոյակերտ սպիտակ (!) տիտան մը` սատանան, որ (ինչպէս Շթոքի բնագիրին մէջ), ճարտասանական շնորհները ի գործ կը դնէ ջատագովելու համար առաջադրած «թեզ»-ը:  Ինչպէս Շթոքի բնագիրին մէջ, սատանան ամբարտաւան է, բայց` ուժեղ, պերճախօս եւ ղեկավարավայել (քարիզմաթիք): Կը փորձէ համոզել հրեշտակները, թէ Աստուած բռնակալ մըն է եւ իրե՛նք է, որ պէտք է իշխեն (յստակ քաղաքական այլաբանութիւն): Այս իմաստով սատանան այն ընդդիմադիր «հակահերոս»-ն է, որ կը փորձէ շրջել վարչակարգը:

Միլթըն Աստծու հեղինակութիւնը կը հիմնէ անոր «արարիչ» ըլլալու հանգամանքին վրայ: Նկատել Շթոքի բնագիրին մէջ, որ Աստուած կոչուած է «արարիչ»: Այս պատահականութեան արդիւնք չի կրնար ըլլալ: Միլթընի սատանան անդադար կը ջանայ Աստծու հեղինակութիւնը խախտել` փաստարկելով, որ ան արարչութիւնը առանձին չէ կատարած: Շթոքի բնագիրին մէջ կը տեսնենք, որ հրեշտակները եւ մանաւանդ «Դ.» գործօն դեր կ’ունենան: Դ. Նոյնիսկ «արտաքին ուժերու»  օգնութեան կը դիմէ: Արտաքին այդ ուժերու հետ հեռախօսային տեսարանին մէջ Դ. բացայայտօրէն կ’ըսէ, թէ առանց իրեն կարելի պիտի չըլլար արարչութիւնը: Ափսո՜ս, որ «Տէր Մելքոնեան»-ի ելոյթին մէջ այդ նշանակալի տողը անցաւ որպէս հասարակ սրախօսութիւն: Ամէն քայլափոխի կը տեսնենք, որ Շթոք «գրաճանաչ» հեղինակ է: Շնորհիւ իր վարպետութեան` Շթոք կը յաջողի պահել ասքի միլթընեան կառոյցը, հակառակ անոր որ իր եւ Միլթընի նպատակները հիմնովին տարբեր են:

Կրկին անգամ բնագիրի հետ շեշտեցի Շթոքի որոշիչը, որովհետեւ «Տէր Մելքոնեան»-ի ելոյթի յեղակարծ եւ անփոյթ բնագիրը կը թուէր գրուած ըլլալ Երկրագունդ նոր հասած այլամոլորակային պատանիի մը կողմէ, որ երջանկօրէն անտեղեակ է մարդկութիւնը առնուազն հազարամեակէ ի վեր յուզող բներգի պատմական հոլովոյթին: Պատմութիւնը դաժան է զինք անտեսողներուն նկատմամբ:

Ինչպէս Միլթըն, այնպէս եւ Շթոք իրենց ժամանակէն առաջ ինկած հեղինակներ են: Երկուքն ալ պարտաւորուած էին թատրերգութեան «ջահակիրը» ներկայացնել որպէս «հակահերոս» : Ճիշդ այդ պատճառով երկուքն ալ ճիգ չեն խնայած սատանայի կերպարը համակրելի դարձնելու համար: Միւս կողմէ` Տանթէի սատանան զզուելի, տառացիօրէն փսլինքոտ եւ անկարող է: Ֆիզիքապէս կը յիշեցնէ յունական դժոխքի դրան կանգնած երեք գլխանի Կերբերոսը` պահապան շուն մը, որ ոչ մէկ իմաստով Աստծու մրցակից կամ նոյնիսկ ընդդիմադիր կրնայ ըլլալ:

Միլթըն կը միտէր գրել նաեւ յունական ողբերգութեան տիպի թատրերգութիւններ` Սամսոնի տառապանքներուն եւ Յիսուսի փորձութեան մասին: Երկրորդը «Կորուսեալ դրախտ»-ին հետ առնչուած է այն իմաստով, որ ճակատամարտ մըն է Տիրոջ եւ սատանային միջեւ: Այս թատրերգութիւններ, ինչպէս` բազմաթիւ միջնադարեան «թատրերգութիւններ»,  բեմադրուելու մտադրութեամբ գրուած չէին: Բայց ասիկա ուսումնասիրութեան առանձին նիւթ է:

Ուքրանական Փերեսթրոյքա.– Կրկնեմ` կարելի է արուեստի կուռ գործ մը  արժեւորել, առանց բաժնելու հեղինակի քաղաքական կեցուածքը: Հանճարեղ Թոլսթոյ կողմնակից էր ցարական բռնատիրութեան: Հանճարեղ Անտրէ Ժիտ… ինչեւիցէ, օրինակները բազմաթիւ են:

1031_HB_8Ուքրանացի Շթոքի (Իսիտոր Շթոք) 1908-80)  «Պոժեստվեննայա քոմետիա»-ն գրուած 1961-ին: Արտօնութիւնը ստացած է` պատրուակելով, թէ մաս կը կազմէ Խրուշչեւի արձակած հակակրօն արշաւին: Ներշնչումը եկած է ոչ թէ Տանթէի ԱԿ-էն, այլ` ֆրանսացի Ժան Էֆֆելի (1908-82) նկարաշարէն (dessin animé), որ կը կոչուէր «Աշխարհի արարչութիւնը», եւ որ լոյս կը տեսնէր PCF-ի օրկան Լ՛իւմանիթէի մէջ: Էֆֆել անաստուած մըն էր: Կողքին նկարին մէջ սերովբէ Միքայել ստորադաս քերովբեներուն ցոյց կու տայ Ադամին նախագիծը, մինչ հեռուն Արարիչը տակաւին կ՛աշխատի, ծրագրաւորումը դեռ եւս վերջացած չէ: Բնագիրին մէջ քերովբեներն են որ Ադամ եւ Եւայի կաւէ մարմինները կը պատրաստեն:

Էֆֆելի նկարաշարէն Շթոք կ’առնէ միայն գեղարուեստական ձեւի ներշնչումը: Շթոքի ԱԿ-ը գերազանցօրէն քաղաքական թատրերգութիւն մըն է: «Դրախտ» եւ «երկիր» կը ներկայացնեն Խ. Միութիւնն ու «դուրսի» աշխարհը: «Դրախտ»-ին մէջ կայ ապրուստի ապահովութիւն, բայց կեանքը տաղտկալի է, կան թապուներ: «Արգիլուած պտուղը»(6) ուտել` կը խորհրդանշէ ունենալ կաղապարներէն դուրս գալու քաջութիւն: «Երկիրը» լի է տանջանքով եւ վտանգներով: Բայց ըստ փիէսի տրամաբանութեան, այդտեղ կան նաեւ քրքիր եւ «ինքզինք իրագործելու» կարելիութիւն:

Արարիչը կը ներկայացնէ իշխանութեան վերին խաւը: Ան ֆիզիքապէս հզօր է, բայց կը տառապի մտային կարծրացումէ (sclerosis): Այս ի յայտ կու գայ կրկին եւ կրկին, մանաւանդ` իր ճիշդ բառեր գտնելու դժուարութեան մէջ: Մտային հարց այս պարագային կը խորհրդանշէ գաղափարական հարց: «Տէր Մելքոնեան»-ի ելոյթին մէջ արարիչը միայն մէկ տեղ, միայն «քար» բառը գտնելու դժուարութիւն կ’ունենայ: Համագրէ դուրս անհասկնալի հարց: Անփութութեան յստակ ցուցանիշ:

Հրեշտակ Ա. կրճատումն է արքէյնճըլի: Այսինքն հրեշտակապետ Միքայէլն է: Ա. կը ներկայացնէ ապիկար, երեւակայութենէ զուրկ վախկոտ բարձրաստիճան դիւանակալը: Ա. կը վախնայ մանաւանդ կորսնցնելէ իր առանձնաշնորհումները: Փիէսին մէջ կան նաեւ անորոշ թիւով սերովբէներ եւ քերովբէներ, որոնք պետութեան հլու հպատակներն են: Յիշել Եւայի նշանակալից խօսքը` ուղղուած Արարչին` «Մենք հրեշտակներ չե՛նք»: Կրկին համագրէ դուրս:

Հրեշտակ Դ. Դեւն է, (D-Diabol)  փիէսի ամէնէն համակրելի հերոսը: Դ. հնարամիտ, աշխատասէր եւ շնորհալի այլախոհ ղեկավար մըն է: Երգեր կը յօրինէ եւ կը նուագէ ձեռնադաշնակ: Բոլոր նախաձեռնութիւնները իրն են: Իրն է նաեւ ամէնէն ողբերգական վախճանը:

Ադամ եւ Եւա այդ օրերու նոր տիպարի քաղաքացիներն են, որոնք արդէն իսկ դժգոհ են «դրախտի» կեանքէն: Բնագիրի մէջ Ադամ եւ Եւա կ՛ուզեն մանուկներ ունենալ, այսինքն` ծնունդ տալ նոր բաներու: Այդ ընթացքը կը սկսի նախ քան օձին յայտնուիլը: Դեւը միայն կը քաջալերէ զիրենք: Դ. սատանայի կը վերածուի որպէս պատիժ, Արարիչին անէծքով: Այսինքն անբաղձալի քաղաքացիի (persona non grata) կարգավիճակ կը ստանայ պետական դատարանի վճիռով: «Տէր Մելքոնեան»-ի մէջ, սակայն, սատանան դուրս եկաւ հայելիէն` որպէս Դ.-ի «միւս եսը» (alter ego): Քաղաքական աքթը փոխարինուած է հրեշտակի աստուածաբանականօրէն անհիմն հոգեբանական երկփեղումին:

1031_HB_6Բնագիրը մեծ ծաւալի գործ է: Կը ներկայացնէ հսկայ պետութեան մը վարչաձեւի փոփոխութեան հարցը: Այդտեղ կան եօթը գլխաւոր դերակատարներ: Կայ «հրեշտակներու երգչախումբ» մը, որ յունական (կամ պրեխթեան) թատրոնի երգչախումբին դերը կը կատարէ: Վերջին տեսարանին մէջ կ’երեւան նաեւ` Կայէնը, Աբելը եւ մեծ թիւով մանուկներ: Բնագիրը ունի նախերգանք եւ կը պարունակէ 13 երաժշտախառն ոտանաւորներ (մօտ 90 տող):

Ծաւալը այնքան մեծ է, որ թատրերգութեան ամէնէն յաճախ կրկնուող մեկնաբանութիւնը  եղած է անոր… սկզբնական տիկնիկային տարբերակը1 (7)  Այդտեղ կարելի է ծաւալը արհեստականօրէն փոքրացնել: Սերգէյ Ապրազցովայի բեմադրութեամբ, տիկնիկայինը առաջին անգամ ներկայացուած է 1973-ին, Պուքրէշի մէջ կայացած թատերական փառատօնի մը ընթացքին: Կողքի նկարները կը բաղդատեն մեծ եւ փոքր ծաւալի  մեկնաբանութիւնները:

1031_HB_7Բնագիրի աւարտական տեսարանը ծագումաբանական է: Շթոք կ’ըսէ, թէ հանդիսատեսը, այսինքն` խորհրդային քաղաքացիներու ապագայ սերունդները, կը սերին անոնցմէ, որոնք մերժեցին ապրիլ հեղձուցիչ դրախտին մէջ: Վերջաբանը ցոյց կու տայ տպաւորիչ հեռատեսութիւն:

1031_HB_11Այժմ լսենք «Իփէկեան» թատերախումբի վարչական պատասխանատուին հեղինակաւոր  յայտարարութիւնը, որ կը ջրէ’ Շթոքի համերկրացի և համամշակոյթ թատերագէտներու խօսքերը.-  «Աստուածային կատակերգութեան» մէջ Տանթէն ուղղակի կեանքի փիլիսոփայութիւնը դրած է, Շթոքն(8) ու Զոհրապը այլ ձեւով թարգմանած են, իսկ այս բոլորին խառնուրդէն մեր բեմադրիչը այլ բան ստեղծեց» (Տե՛ս «Ազդակ», 7 յունիս 2014»):

Յաղագս իմ անձնական զարգացման, յաղագս մեր ժողովուրդի լուսաւորութեան, վասն Գաբրիէլ Սունդուկեանի հոգիի հանգստութեան, կը խնդրեմ, որ յստակացնէք, թէ վերը յիշուած գործերուն մէջ առկայ «կոնկրետ» ո՞ր տարրերուն  վրայ հիմնուած էր «Տէր Մելքոնեան»-ի ելոյթը:

Ցտեսութի՛ւն:

————–

 

1.- Ինչպէս «Սատանու ջրաղացը» (1953) եւ  «Լենինկրատեան պողոտան (1962):

2.- Կ. Մեհեան, «Յուսաբեր» մատենաշար Թիւ 100, «Թատրոն», Գահիրէ 1960,  էջ 14

3.- Համացանցի վրայ կարելի է տեսնել առ նուազն մէկ փորձ` այս ուղղութեամբ:

4.- Արդեօք Ա. Բախտամեանի ժապաւէ՞նն ալ ներշնչուած է ԱԿ-էն (Տե՛ս «Ազդակ» 23 հոկտ. 2014)

5.- Թատրոնները վերաբացուեցան 1660-ին, թագաւորութեան վերահաստատումէն ետք:

6.- Աստուածաշունչին մէջ չէ յիշուած թէ արգիլուածը ո՞ր պտուղն է:

7.- Ցուցադրուած է նոյնիսկ «Չքնաղ Զմիւռնիոյ» մէջ, ուր այս ամառ այցելեցի:

8.- Տեղական բոլոր աղբիւրներուն մէջ հեղինակին անունը սխալ գրուած է: Մեկնաբանե՞մ:

Նախորդը

Կարմիր Գրիչով. Աշխարհի Վերջը Եւ Զանգուածներու Կամքը

Յաջորդը

Տէր Զօրի Եւ Սուրիոյ Արաբացած Հայերը` Լուսանկարիչ Պաղտիկ Գույումճեանի Ոսպնեակով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.