Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարմիր Գրիչով. Աշխարհի Վերջը Եւ Զանգուածներու Կամքը

October 31, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Միաստուածեան կրօնները (մանաւանդ` քրիստոնէութիւնը) խօսեցան «աշխարհի վերջ»-ի գաղափարին մասին: Ասիկա «ժամանակներու վերջ»-ն է, կապուած` քրիստոնէական «Վերջին դատաստան»-ի սկզբունքին հետ: Ինչի՞ մասին է խօսքը: Այստեղ խօսքը երկրագունդին վրայ կեանքի սկիզբէն ի վեր գոյութիւն ունեցող կացութաձեւի ի սպառ վերացման մասին է` Նոր կտակարանի «Յովհաննու յայտնութեան գիրք»-ին մէջ նշուած բեմագրութեան հիման վրայ:

Քրիստոնէական առաջին համայնքները խորապէս համոզուած էին «աշխարհի վերջ»-ի գաղափարին, անոր համար ալ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս Քրիստոսի առաքեալներն ու անոնց հետեւորդները փութաջանօրէն լծուած էին ըստ կարելւոյն արագ իրագործելու հոգիներու փրկութեան ծրագիրը, որովհետեւ համոզուած էին Քրիստոսի մօտալուտ` ֆիզիքապէս երկրորդ գալստեան եւ անոր ուղեկցող Վերջին դատաստանի գաղափարին:

Շուտով պաշտօնական եկեղեցին մերժեց բառացիօրէն ընդունիլ «աշխարհի վերջ»-ի տեսութիւնը: Սակայն «Յայտնութեան գիրք»-ը բառացիօրէն մեկնաբանենք թէ խորհրդանշականօրէն, փաստը կը մնայ այն, որ դարերու ընթացքին քրիստոնէութեան ծոցէն յառաջացան այսպէս կոչուած «աղանդներ» (իրականութեան մէջ անոնք ընկերային շարժումներ էին, ուղղուած` տիրող դասակարգերուն դէմ), որոնք որդեգրեցին «հազարամեակ»-ի կամ «աշխարհի վերջ»-ի տեսութիւնը` իբրեւ մարդկային ընկերութեան վիճակը փոխելու գրաւական:

Ժամանակագիրներ կ՛անդրադառնան, թէ ինչպէ՛ս Յ. Ք. առաջին հազարամեակի աւարտին քրիստոնէական աշխարհին մէջ խուճապ տիրած է «ժամանակներու աւարտ»-ին առնչութեամբ: Պատերազմներ, համաճարակներ, տեսակ-տեսակ աղէտներ եւ քաղաքական անկայուն վիճակներ բաւարար տուեալներ էին հոգեւոր առումով խուճապ ստեղծելու մարդոց մէջ եւ վախնալու անկանխատեսելի ճակատագիրէն: Առաջին հազարամեակը վերջ գտաւ եւ երկրորդ հազարամեակը սկսաւ, բայց եւ այնպէս չարագուշակ նախատեսութիւններէն եւ ոչ մէկը իրականացաւ…

Սակայն մարդիկ չդադրեցան «աշխարհի վերջ»-ի գաղափարին մասին խօսելէ: Միջնադարու մութ ժամանակաշրջաններուն, երբ պաշտօնական եկեղեցին` դաշինք կապած իշխող աւատապետական կարգերուն հետ, կը փորձէր կրօնը օգտագործելով իբրեւ թմրեցուցիչ տակաւ խամրեցնել մարդոց քաղաքական ու ընկերային գիտակցութիւնը, անդին յաւելեալ հող կը շահէին տիրող կայութենէն դժգոհութեան գաղափարները: Իրաւազուրկ մարդիկ իրենց ապրած կացութեան վերջ տալու համար միակ ելքը կը տեսնէին գերբնական ուժի միջոցով արտակարգ կացութեան ստեղծման մէջ: Բայց մարդիկ նաեւ շատ յաճախ այդ արտակարգ կացութիւններու ստեղծումը արագացնելու համար իրենք կը վերցնէին նախաձեռնութիւնը իրենց ձեռքերուն մէջ: Այդ նախաձեռնումին իբրեւ արդիւնք յառաջացան գիւղացիական ըմբոստութիւններն ու ապստամբութիւնները, որոնք թէեւ բանադրուեցան իբրեւ հերետիկոսական ու աղանդաւորական շարժումներ, սակայն իրենց էութեան մէջ դասակարգային-ընկերային պայքարի դրսեւորումներ էին: Անոնց նկատմամբ հաւատաքննութիւնը կիրարկուած է, անոնց հետեւորդներուն մարմինները ճարճատած են խարոյկներու կրակներով, զինու զօրութիւն կիրարկուած է լռեցնելու համար այդ շարժումները, սակայն անոնք մէկական ջահեր եղան, որոնք ցոյց տուին եւրոպական լուսաւորութեան ու վերածնունդի ճամբան:

Երբ նոր ժամանակները հասան, նոյնպէս սկսաւ խօսուիլ «աշխարհի վերջ»-ի եւ «Վերջին դատաստան»-ի գաղափարներուն մասին: Մենք անցնող տասնամեակին ընթացքին այս հասկացողութիւններուն վերաբերեալ ականատես եղանք բազմաթիւ շարժումներու, գուշակութիւններու, մարգարէութիւններու եւ այլն: Անոնցմէ ոմանք աւանդական «աղանդաւորական»-կրօնական բնոյթի հասկացողութիւններուն վերակենդանացումն էին «Հազարամեակ»-ի տեսութեան մասին, իսկ կային նաեւ «աշխարհի վերջ»-ին վերաբերեալ նոր տեսութիւններ, որոնք հիմնուած էին մայաներու օրացոյցին կամ Միջագետքի հին պետական կազմաւորումներուն դիցաբանական պատկերացումներուն հետ:

Բոլոր այս տեսութիւնները, շարժումները, գուշակութիւնները եւ մարգարէութիւնները կը մեկնէին մէկ իրողութենէ: Ճարտարարուեստականացումը մարդկութեան համար շահագործումի նոր ձեւեր ստեղծած է: Ստրկացման նոր դրսեւորումներ յառաջացած են ամբողջ երկրագունդի մակարդակով, եւ հետզհետէ` ժամանակի թաւալքին հետ, մարդուն կողմէ մարդուն շահագործման ու կեղեքման ձեւերը կը զարգանան ու կը կատարելագործուին: Մարդը ո՛չ միայն կը դադրի արտադրող, ստեղծագործող, սատարող անհատ ըլլալէ, ո՛չ միայն կը դառնայ սոսկ սպառող էակ` արտադրուող սպառողական ապրանքներուն, այլ ինքն ալ կը դառնայ պարզապէս ծախուող ու գնուող ապրանք, ճիշդ ինչպէս որ ստրկատիրութեան ժամանակաշրջանին էր: Պարզապէս շահագործումի ու կեղեքումի եղանակները տարբերած են, հիմա աւելի կատարելագործուած են` դրամատիրական կարգերու ներքեւ:

Ուրեմն, ի՞նչն է լուծումը մնայուն կերպով ինքզինք զարգացնող եւ կատարելագործող շահագործումի սիսթեմին, ի՞նչ ընել, որ աւելի եւս չխորանայ դասակարգերուն միջեւ հակասութիւնը: Վստահաբար լուծումը չի կայանար վերոյիշեալ «աշխարհի վերջ»-ի բեմագրութեան սպասելով: Իրականութենէն փախուստ է Աստուծոյ միջամտութեան սպասելը` տիրող շահագործողական կացութիւններուն վերջ տալու յոյսով:

Բայց կա՞յ աշխարհի վերջ (այս անգամ` առանց չակերտներուն: Այո՛, կայ աշխարհի վերջ: Կայ վերջը այն աշխարհին, որ գոյութիւն ունի ներկայիս` զայն փոխարինելու համար այնպիսի աշխարհով, ուր աւելի ամուր են մարդկայնութեան, արդարութեան, ազատութեան, արդար վարձատրութեան եւ այլ մարդկայնական արժէքներ, որոնք ներկայիս ամէն քայլափոխի կ՛ոտնակոխուին թէ՛ իշխող դասակարգերուն եւ թէ՛ կայսերապաշտական ու մեծապետական երկիրներու կողմէ:

Եւ արդար կարգերու հաստատման հեռանկարով տեղի ունենալիք ներկայ աշխարհի վերջը ուրիշ ոչ ոք պիտի ընէ, բացի իրենց շահերուն գիտակից զանգուածներէն, գլխաւորաբար ընկճուած, իրաւազուրկ դասակարգերէն կազմուած զանգուածներէն, որոնց համար կրօնը ընկերային գիտակցութիւնը խաթարող հաշիշ չէ այլեւս:

Այն օրը, որ գիտակից զանգուածներու կամքին շնորհիւ ներկայ աշխարհին վերջ կը դրուի, այդ օրն ալ սկիզբ կը դրուի ստեղծագործ եւ արարող մարդուն աշխատանքն ու անոր արդիւնքը յարգող աւելի արդար աշխարհին:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Անաւարտ…

Յաջորդը

Տեսակէտ. Բ. Յաղագս Թատերական Գրաճանաչութեան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.