Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Անաւարտ…

October 31, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ԱՐՏԱԶԵԱՆ

kirk_aravard-baherՀամազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Միսաք Ուլնեցիի (Սիսեռեան) հեղինակութեամբ «Անաւարտ պահեր» խորագիրով բանաստեղծական հատոր մը` խմբագրութեամբ Երուանդ Քասունիի: Սոյն հատորը նուիրուած էր առաւելաբար Ցեղասպանութեան, եւ մասնաւորաբար` հեղինակին ընտանեկան պարագաներուն կարեւոր մէկ մասի յիշատակին, որոնք նոյնպէս զոհերն էին այդ սպանդին: Թէեւ 1996-ին նոյն հեղինակէն ունեցած ենք պատմական հատոր մը` «Պատմութիւն Զէյթունի», սակայն բանաստեղծական այս նոր հատորը ուրիշ էջ մը կը բանայ Ուլնեցիի կեանքէն:

Երբ բանաստեղծական հատոր մը կը դրուի սեղանին, անդրադարձ ըլլալու պարագային, հարցը բաւականին կը լրջանայ, որովհետեւ գործի կը լծուին արժեչափեր, այնքա՛ն խիստ, որ երբեմն լաւագոյն քերթուածներն ու բանաստեղծներն անգամ հազիւ կը փրկուին եղած դատողութիւններէն: Այս հատորին պարագային, սակայն, կայ բացառութիւն մը, որ մէկդի կը հաւաքէ կիրարկուելիք բոլոր արժեչափերը հանգիստ անցնելու անոնց մէջէն: Այդ միա՛կը եւ հիմնականը, որ կը պահպանուի հեղինակէն, անկեղծութիւնն է: Այս ուժին դիմաց կը խոնարհին արուեստի մը արժեւորման բոլո՜ր պահանջները, կամ առնուազն մե՜ղմ կը հնչեն: Կայ նաեւ ուրիշ տուեալ մը, որ հեղինակը ձգտում չունի՛ բանաստեղծ կոչուելու, այլ պարզապէս սիրտը բացած է իր զգացումներն ու միտքերը իրենց պարզութեամբ արտայայտելու համար, հոգ չէ թէ օգտագործած է բանաստեղծական չափ ու յանգ, կարգ ու կանոն մտցնելու համար անոնց մեղմ հոսքին. բան մը, որ կ՛արդարացնէ վերը յիշուած մօտեցումը:

Եօթանասուներկու էջերու վրայ հանգչած քառասուն «Բանաստեղծական երգերը» գրուած են 1942-1952: Երբ մօտենանք բովանդակութեան, անոնք առաւելաբար յուշեր են, մասնաւորաբար` ծննդավայրին կապուած, ուր հեղինակը ապրած է իր մանկութիւնը, պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը: Ինքնին դիւրին չէ ձերբազատիլ այդ յիշատակներէն, որոնք իրենց դրոշմը ունին, յատկապէս` երիտասարդութեան գիտակից ժամանակաշրջանին: Եւ եթէ մնացեալ բանաստեղծութիւնները կը կրեն տարբեր խորագիրներ եւ ընկալում, այսուհանդերձ, տեղ մը անպայման ունի վերյուշի անդրադարձը: Ուրեմն` անցեալ մը ամբողջ, որ մնացած է յիշողութեան մէջ յիշատակներու ծալքերով այդքան երկար տարիներ, հասած նկատելով ժամանակը, իրենց ներկայութիւնը կը յիշեցնեն հեղինակին` մղելով զայն մարմին տալու իրենց, ոգեկոչուելու, ապրելու եւ շարունակելու իրենց գոյութիւնը: Հեղինակին համար, սակայն, այդ բոլոր յիշատակները մնացած են անաւարտ, որովհետեւ ապրուած են թէեւ, սակայն չե՛ն հասած իրենց լրումին` բնական պայմաններու ընթացքով: Ահաւասիկ այդ թերի ապրուած պահերն են, որոնք մնացած են անաւարտ: Իրապէս, հատորին բովանդակութիւնը, իր ապրուած տողերով կ՛արդարացնէ նաեւ գիրքին խորագիրը:

Կայ ուրիշ երեւոյթ մը եւս, որ կը մատնէ, կամ աւելի ճիշդ` ցոյց կու տայ, ընթերցման ժամանակ շնչահեղձ կ՛ընէ քեզ, նախադասութիւններու անաւարտ մնալով, որուն կը յաջորդէ ուրիշ ըսելիք մը նո՛յն կշռոյթով, դարձեալ կիսատ մնալով, եւ այսպէս` շարունակաբար: Այս երեւոյթը թերութիւն պէտք չէ սեպել. այլ` ապրուած յուշերու ներկայութեան զօրութիւնը, ահագնացող խուճապը եւ խճողումը, դուրս գալու ձգտումին պէտք է վերագրել, որովհետեւ հեղինակը իր ներաշխարհին մէջ այնքա՛ն փոթորիկ ունի, ըսելիքները լոյս աշխարհ բերելու աճապարանք մը…

Բանաստեղծութիւններու շարքին կայ անդրադարձ մը իր կեանքին մասին, ուր կ՛ըսէ. «Ետդարձ չկայ ինձ այս կեանքէս»: Կարծես տակաւին ձգտում մը ունի վերադառնալու անցեալ, եւ վերապրելու այդ «Անաւարտ պահեր»-ը. սակայն կը հաստատէ ուրիշ տողով` «Տենչեր անաւարտ մոխիր կը դառնան»: Բան մը, որուն ի վերջոյ իրեն հետ պիտի տանի իսկակա՛ն ապրումները` անոնց ստուերները թողելով թուղթին:

Իբրեւ եզրակացութիւն` կրնամ ըսել, Միսաք Ուլնեցի հեղինակը այն հովիւն է, որուն սրտէն բխած երգերը անկաշկանդ թռիչքով լեցուցած են իր ներաշխարհը:

Նախորդը

Հարցազրոյց ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետ Յակոբ Աւագեանի Հետ

Յաջորդը

Կարմիր Գրիչով. Աշխարհի Վերջը Եւ Զանգուածներու Կամքը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.