
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Թըրքի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, ինչ որ անոր իրաւունք կու տայ ընկերութիւններու միջեւ պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցաշարք մը հիւրընկալել` հսկողութեամբ ֆետերասիոնին:
Նշենք, որ երկու կողմերուն միջեւ այս պայմանագիրը կնքուեցաւ մէկ տարուան համար:


