Կիպրոսի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը: Դ. խմբակին մէջ Կիպրոսէն բացի կը գտնուին Անգլիա, Ֆրանսա եւ Մակեդոնիա:
Մրցաշարքին իրաւարարներէն մէկն է ՖԻՖԱ-ի հայրենի իրաւարար Սուրէն Պալիեան, որուն հետ կը գտնուի նաեւ այլ իրաւարար մը` Էրիք Արեւշատեան:
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ 27 հոկտեմբերին Պալիեան եղած է Անգլիա – Մակեդոնիա (1-0) մրցումին կեդրոնի իրաւարարը: Ան այսօր պիտի ըլլայ նաեւ Մակեդոնիա – Կիպրոս մրցումին իրաւարարը:
Նշենք, որ վերջին հանգրուանէն առաջ Անգլիա եւ Ֆրանսա արդէն իսկ ապահոված են յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը:


