Անցեալ փետրուարին Հայաստանի ախոյեանութեան մասնակցեցաւ 105 քկ դասակարգի ծանրաբարձ Սարգիս Մարտիրոսեան, որ տիրացաւ արծաթ մետալին, ապա համալրեց Հայաստանի հաւաքականին կազմը:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Մարտիրոսեան 2005-էն ի վեր կը բնակի Աւստրիա եւ այս տարի ցանկութիւն յայտնած էր վերադառնալու Հայաստան:
Այս շաբաթ Հայաստանի տղոց հաւաքականը առանց Մարտիրոսեանի մեկնեցաւ Ղազախստան, ուր 4 նոյեմբերին կը սկսի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Մարտիրոսեան, որ ներկայիս կը գտնուի Սլովաքիա, ArmSport.am-ին յայտնեց, թէ ինչո՛ւ չէ ընդգրկուած Հայաստանի կազմին մէջ:
«Աւստրիան դէմ էր, որ ես ներկայացնեմ Հայաստանը: Անոնց համաձայն, վերջին տարիներուն ներդրում ունեցած եմ իմ արհեստավարժ ասպարէզիս մէջ եւ ես պէտք է հանդէս գամ Աւստրիոյ հետ: Դժբախտաբար, Հայաստանի հաւաքականին հետ հանդէս գալու իմ երազս չիրականացաւ: Այժմ, Աւստրիոյ հաւաքականին հետ հանդէս պիտի գամ աշխարհի ախոյեանութեան», ըսաւ Մարտիրոսեան:


