Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ռոմարիօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Պարսելոնայի յառաջապահ Նէյմար, կրնայ գերազանցել Փելէին` ազգային խումբին հետ իր նշանակած կոլերուն քանակով:
Ներկայ դրութեամբ Նէյմար 58 մրցումի ընթացքին նշանակած է 40 կոլ, մինչ Փելէ 92 մրցումի ընթացքին` 77 կոլ:
«Նէյմար այն ֆութպոլիստն է, որուն կը հաւատան պրազիլցիները: Ան ամէն ինչ ունի պատմութիւն կերտելու համար: Ան ընդամէնը 22 տարեկան է եւ արդէն իսկ կը դասուի աշխարհի լաւագոյն երեք յառաջապահներէն մէկը: Եթէ ան նոյն ձեւով շարունակէ, կրնայ գերազանցել Փելէին», Ռոմարիոյի խօսքերը կը մէջբերէ ArmSport.am` օգտագործելով Sportsmole.co.uk-ի հրապարակած մէկ լուրէն:


