Սպանական «Լա լիկա»-ի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (Ռէալ Մատրիտ):
Լաւագոյն բերդապահը ընտրուեցաւ Քէյլոր Նաւաս, որ նախորդ տարեշրջանին մաս կը կազմէր Լեվանթէի:
Բացի ատկէ, 29 տարեկան Ռոնալտոյի նշանակած կոլը (Վալենսիայի դէմ) ճանչցուեցաւ իբրեւ լաւագոյն կոլը:
Լաւագոյն մարզիչը ընտրուեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ, որ իր կազմին հետ հանդիսացաւ Սպանիոյ ախոյեան:
Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող Սերճիօ Ռամոս ճանչցուեցաւ լաւագոյն յետսապահը, իսկ «Ֆեր Փլէյ»-ի տիտղոսը վիճակուեցաւ Ռէալ Սոսիետատին:


