Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարերար Մեծահարուստներու Ոսկի Շղթան…

October 29, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Պետրոս Շիրինօղլու
Պետրոս Շիրինօղլու

Յաճախ հպարտութեամբ կ՛անդրադառնամ, որ սփիւռքի մեծ ու փոքր մեր բոլոր գաղութներն ալ մի՛շտ ունեցած են իրենց բարերար մեծահարուստները, որոնց իշխանական նուիրատուութիւններով բարեշրջուած է համայնքային, եկեղեցական, կրթական ու մշակութային մեր կեանքը:

Օրհնութիւն մըն են բարերարները մեր գաղութներուն համար: Ու ժողովուրդը, ընդհանրապէս, երախտագիտութեամբ կը յիշէ իր ազնիւ բարերարները, կը գնահատէ կամ կ՛ողջունէ ոչ միայն անոնց նուիրաբերած ԴՐԱՄԸ, այլ մանաւանդ` ազգային տաքուկ ապրումներէ դրդուած այն ՈԳԻՆ, որ մղիչ ուժն է կատարուած իւրաքանչիւր բարերարութեան:

Ո՞վ կրնայ մոռնալ Մանթաշեանը, Գալուստ Կիւլպէնկեանը կամ Ալեք Մանուկեանը:

Հարիւրաւոր, բազմահարիւր բարերարներ ունեցած ենք կամ ունինք աշխարհի չորս կողմը: Ոսկի շղթայ մը կը կազմեն անոնք:

Միացեալ Նահանգներու մէջ` Արշակ Տիգրանեան մը, Եդուարդ Մարտիկեան մը, Սողանալեան մը, Շամլեան մը, Արժանթինի մէջ` Արզումանեան մը կամ Էօրնէքեան մը, Անգլիոյ մէջ` Վաչէ Մանուկեան մը, Մարսէյլի մէջ` Ջրբաշեան մը, Լիբանանի մէջ` Տէմիրճեան մը, Նազարեան մը, Չաթալպաշեան մը եւ տասնեակներո՜վ, տասնեակներո՜վ ազնիւ անուններ…

Երանի՜ թէ առանձին գիրք մը գրուի անոնց մասին, մասնաւորաբար վերլուծելով կամ սեւեռումի ենթարկելով «բարերարութեան հոգեբանութիւն»ը` հայ կեանքի համընդհանուր տարածութեան վրայ:

Պիտի չուզեմ մոռնալ Հալէպը եւս: Հալէպ, որ ներքին խենթ պատերազմի մը բերումով հիմա դժբախտաբար աղքատացած է ու աննախադէպօրէն սնանկացած, անցնող 30-35 տարիներուն, իր կարգին, յայտնաբերեց ի՛ր բարերարները, որոնք շատ բան իրականացուցին գաղութային մեր կեանքին մէջ: Տեղ մը` Հայկազուն Գահուէճեան, այլ տեղ մը` Գէորգ Նազարեան, հոս` Պարգեւ Պիւլպիւլեան մը, հոն` Մանուէլ Մահսէրէճեան մը, տեղ մը` Յարութիւնեան մը, այլ տեղ մը` Չէմպէրճեան մը…

Բայց այս բարերարներէն շատեր, հաւատաք թէ ոչ, կու գան համեստ դասակարգերէ… Եւ ասիկա` բարերարներու երեւոյթին ամէնէն հետաքրքրական երեսն է: Միշտ կը յիշեմ մեծանուն Ալեք Մանուկեանի պարագան: Երբ ան կը հեռանար իր աղէտեալ ծննդավայրէն` Զմիւռնիայէն, ու կը կտրէր Ատլանտեանը` դէպի Ամերիկա, իր գրպանին մէջ ունէր լոկ…50 տոլար:

Այո՛, մի միայն 50 տոլար, որ տարիներու քրտինքով, չարքաշ աշխատանքով ու հնարամտութեամբ` վերածուեցաւ վիթխարի հարստութեան մը:

Այս բոլորը յիշեցի, երբ վերջերս «Սուրբ Փրկիչ» ամսաթերթին մէջ հարցազրոյց մը կարդացի պոլսահայ անուանի բարերար ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒի հետ:

Պոլսոյ համայնքային կեանքի ամէնէն երեւելի դէմքերէն մէկն է ան: Աւելի քան տասը տարիէ ի վեր հոգաբարձութեան ատենապետն է Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին, որուն բարեզարդման ու վերելքին նուիրած է իր ոսկի սիրտը: Տէրն է ելեւմտական ու շինարարական եկամտաբեր բազմաճիւղ մարզերու` Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին: ԺԸ.-ԺԹ. դարերու պոլսահայ հռչակաւոր ամիրաները յիշեցնող հեղինակութիւն մը: Անգարայի մէջ կը գործէ իր անունով հիմնուած «Շիրինօղլու ընկերային եւ ռազմավարական հետազօտութեանց կեդրոն»-ը: Համայնքին մէջ իր կատարած մեծղի բարերարութիւններու շարքին են ՎագըՖ գիւղի (Անտիոք) եկեղեցիին հիմնական նորոգութիւնը, Ազգ. պատրիարքարանին ու Գումգաբուի մայր եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը, Ֆէրիգիւղ թաղամասի սրահը, Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին թանգարանը եւ այլն, եւ այլն…

Վերոնշեալ հարցազրոյցին մէջ, պատասխանելով իր մանկութեան վերաբերեալ հարցումի մը, Պ. Շիրինօղլու կ՛ըսէ.- «Մեր հօրենական տունը 2 սենեակ ունէր: Խոհանոցը մէկ մեթր, իսկ ճեմիշը կէս քառակուսի մեթր էր: Ես ու եղբայրս կը պառկէինք հիւրասենեակին մէջ, հետագային քրոջս համար ալ անկողին փռուեցաւ անկիւն մը: Աղքատ էինք, սակայն մեր սիրտը հարուստ էր»…

Շիրինօղլու յետոյ կը պատմէ իր դպրոցական տարիներէն.- «Երբ անօթենայինք, ընկերներուս հետ աղանդերավաճառներուն կ՛երթայինք, սանտուիչներ կ՛առնէինք, մէջը կտոր մը շոքոլա կը դնէինք եւ կ՛ուտէինք: Ապառիկ կ՛առնէինք ու զայն մեր հաշիւին մէջ գրել կու տայինք: Ես ինչպէ՜ս գիտնայի, թէ հայրս այդ դրամները վճարելու համար դժուարութեան կը մատնուի եղեր…»:

Երբ իրեն հարց կը տրուի, թէ ինչպէ՞ս սկսաւ համայնքին մէջ իր բարերարական գործունէութիւնը, Շիրինօղլու սա՛պէս կը պատասխանէ.- «Օր մը, 27-28 տարի առաջ, հայոց Կազդուրման կայանի մէկ ճաշկերոյթին գացի: Սեղաններ սարքուած էին: Մանուկները բանաստեղծութիւններ ու երգեր ըսին: Շատ ազդուեցայ, որովհետեւ ե՛ս ալ անոնց նման երեխայ մը եղած էի: Յիշեցի իմ նախակրթարանի օրերը` Մխիթարեան վարժարանին մէջ: Շատ զգացուեցայ: Շուտ կու լամ արդէն: Օրուան ընթացքին 3-5 անգամ աչքերս կը խոնաւնան… Երբ սկսան նուիրատուութիւններ հաւաքել, 1000 լիրա նուիրեցի: Այդ շրջանին համար, այս գումարը մեծ արժէք ունէր: Այդ օրէն ետք, ամէն անգամ, մատաղօրհնութիւններու առիթով,  համայնքային պատասխանատուները իմ դուռը թակեցին»…

Մեր բարերար մեծահարուստնե՜րը:

Անոնցմէ իւրաքանչիւրը անպայման ունի իր կեանքին վէպը…

Հալէպ                

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց Իր Հիմնադիրներու Օրը (Ի Յիշատակ Եւ Պատիւ Լրագրող Ղասսան Թուէյնիի Եւ Լրագրող-Լուսանկարիչ Հերի Գունտագճեանի)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.