Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՄՊԼԱԹ – ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

July 21, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ կը գտնուի Մոսկուա, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ նշեց, որ Լիբանան յանձնառու է իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ` աւելցնելով, որ Լիբանան կը մերժէ իր ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու ոմանց մօտեցումը:

«Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ նախանձախնդիր ըլլալ չի նշանակեր լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամտել», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան քաղաքական ուժեր, որոնք Միջազգային դատական ատեանին որոշումը կը նկատեն իրենց դէմ նիւթուած դաւադրութիւն մը: «Քաղաքական այդ ուժերէն կը նկատուի Հըզպալլան, որ լիբանանեան խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ ունի ներկայացուցիչներ: Հետեւաբար, պէտք է այս ազդակները նկատի ունենալ», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Անդրադառնալով սուրիական թղթածրարին եւ Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւններուն` Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է ամէնէն մօտիկ ապագային գործադրէ բարեկարգումները եւ ազատ արձակէ արգելափակեալները, կտրականապէս մերժելով այդ հարցին լուծման առումով օտար որեւէ միջամտութիւն:

Ժոմպլաթ աւելցուց, որ Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւնները խստիւ մերժելի են:

Միւս կողմէ, Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախագահը դրուատեց Ռուսիոյ դերակատարութիւնը` նշելով, որ Ռուսիա միշտ նեցուկ կանգնած է Լիբանանին եւ իր այդ ընթացքը կը շարունակէ մինչեւ օրս:

Նախորդը

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱ

Յաջորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՆԻԱՅԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.