Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Տունկա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ հակառակ անոր որ Փարիզ Սեն Ժերմենի յետսապահ Թիակօ Սիլվա վերադարձաւ ազգային խումբ, սակայն խումբին խմբապետն է Պարսելոնայի յառաջապահ Նէյմար:
Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը, մէջբերելով Տունկայի խօսքերը, ըսաւ, որ բոլոր ֆութպոլիստներուն նկատմամբ պէտք է հաւասար յարգանք ցուցաբերել:


