Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պուրճ Համուտի Փառատօն-2014». «Մենք Եւ Մեր Արցախ»-ը Կարգախօսին Ներքեւ Արցախի Թարմ Շունչը Փոխանցուեցաւ Լիբանանահայութեան

October 27, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0206Տարբեր շրջաններէ մեծ թիւով հայորդիներ երէկ հաւաքուած էին Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնի պողոտայ, ուր տեղի ունեցաւ «Մենք եւ մեր Արցախը» կարգախօսով «Պուրճ Համուտի փառատօն-2014»-ը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան:

4-րդ տարին ըլլալով աւանդութիւն դարձած այս փառատօնը Պուրճ Համուտի մէջ անգամ մը եւս համախմբեց լիբանանահայութիւնը, որպէսզի իր հայրենակցական միութիւններով, շրջանի տարբեր միութիւններուն մասնակցութեամբ եւ Արցախի «մենք ենք մեր սարերը» երգի պարի պետական համոյթի ընկերակցութեամբ ամրապնդուի իր ազգային արժէքներով, որպէսզի միակամ եւ հաստատ քայլերով շարունակենք մեր պայքարը` մինչեւ մեր նպատակներու իրականացումը:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իւրաքանչիւր հայրենակցական միութեան յատկացուած էին կրպակներ, ուր ոմանք կը հիւրասիրէին իրենց շրջանի յատուկ ուտելիքները, տեղադրած էին իրենց հետ բերած մեր նախնիներուն տարազները եւ տարբեր իրեր ու գիրքեր:IMG_0320

Այս տարի Պուրճ Համուտի փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Մարաշի, Ուրֆայի, Ամանոսի, Սասնոյ, Բալուի, Տիգրանակերտի, Կեսարիոյ, Պերեճիկի եւ Խարբերդի հայրենակցական միութիւնները, համազգայինի «Վ. Սէթեան» հրատարակչատուն գրատարածը, «Արցախ ֆոնտ»-ը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, որ նաեւ օրուան նիւթին յատուկ ձեռայինով եւս իր մասնակցութիւնը բերած էր, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը, Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութիւնը, ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը: «Վանայ ձայն» եւս ներկայ էր փառատօնին, որ փառատօնին մասնակիցներուն հետ ուղղակի եւ յատուկ զրոյցներ սփռեց:

Յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն մանուկներու յատուկ յայտագիրով «Ուրախ տարեդարձ» խումբը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց փառատօնին ներկայ փոքրիկներուն մօտ` խաղերով, պարերով եւ նուէրներով:

Քրիսթինա Սրապոնեան
Քրիսթինա Սրապոնեան
Մարալ Մահսէրէճեան
Մարալ Մահսէրէճեան

Փառատօնին պաշտօնական բացումին, ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի եւ քարոզչական յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Քրիսթինա Սրապոնեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ փառատօնը անցնող 4 տարիներուն իր դրական անդրադարձը ունեցաւ հայեցի մթնոլորտի պահպանման մէջ, իսկ այս տարուան կարգախօսը` «Մենք եւ մեր Արցախը», ընտրուած է նկատի ունենալով պահանջատէր Արցախի հողին անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի եւ հայութեան համար, որ անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, թէ ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարները ծնունդ կ՛առնեն հերոսական Արցախէն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան բոլոր մասնակցողներուն, որոնց ներդրումով փառատօնը կրցաւ յաջողիլ:

«Հազար փառք, վերելք, բարգաւաճում, հզօրացում արիներու հող Արցախին, ինչպէս պատերազմի, նաեւ խաղաղութեան օրերուն, լիբանանահայութիւնը միշտ պիտի մնայ կողքիդ, որովհետեւ դուն ես Արցախը, հայութեան եւ Հայաստանի անբաժան մասնիկը», ըսաւ Սրապոնեան:

Ապա «Արցախ ֆոնտ»-ի անդամ Մարալ Մահսէրէճեան կարդաց Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի ուղերձը լիբանանահայութեան: Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ յայտնած էր, որ բոլորին նպատակն է արցախցիին ընձեռել բարենպաստ եւ անվտանգ պայմաններու մէջ ապրելու կարելիութիւնը, իսկ լիբանանահայութիւնը տարիներէ ի վեր լծուած է այդ աշխատանքին, որուն համար վարչապետը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէր: Ան նշած էր, յատկապէս ԱՌԻ ծրագիրը, որ Քաշաթաղի եւ Շահումեանի գիւղատնտեսութեան զարգացման մէջ բերած է իր ներդրումը:

Վարչապետը իր խօսքին աւարտին կ՛ըսէր. «Ընդունեցէք իմ եւ Արցախի ժողովուրդին բարեմաղթութիւնները, մենք կ՛ուզէինք ձեզ բոլորդ տեսնել ազատագրուած հայկական հողին վրայ, որպէսզի այստեղ զգանք անոր արժէքն ու ներուժը եւ միասնաբար աշխատինք հայրենիքի ծաղկման ու բարգաւաճման համար», ըսած էր վարչապետ Արա Յարութիւնեան:

Շահէ եպս. Փանոսեան
Շահէ եպս. Փանոսեան

Փառատօնին ընթացքին նաեւ ցուցադրուեցաւ Արցախի մասին յատուկ տեսերիզ մը, ապա իր խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ բարձր գնահատեց փառատօնը եւ կազմակերպիչներուն ժրաջան աշխատանքը: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ փառատօնի նիւթին ընտրութիւնը վստահ պատահական չէ եղած, որովհետեւ Հայաստան – Արցախ – սփիւռք կապն է, որ մեզ կառչած կը պահէ մեր հողին ու մեր արժէքներուն:

«Արցախը մեր սրտին մօտ է, որովհետեւ մեր ազատագրական պայքարի օղակներէն է, եւ սփիւռքահայութիւնն ալ անմասն չմնաց իր արիւնը թափելով այդ հողին վրայ», ընդգծեց առաջնորդ սրբազանը, որ շեշտեց նաեւ մեր արժէքներուն պահպանման խնդիրը եւ այս փառատօնը նկատեց կարեւոր միջոց, ուր բոլորս առիթը կ՛ունենանք ներշնչուելու եւ ոգի ստանալու, որպէսզի այդ ոգիով ապրինք, զայն փոխանցենք մեր զաւակներուն եւ երթանք դէպի ապագայ հաստատ քայլերով: «Պէտք է այս գիտակցութեամբ եւ նոր հաւատարմութեամբ փարինք հայրենիքին` այս փառատօնէն ստեղծած մթնոլորտին շունչին տակ», շեշտեց առաջնորդ սրբազան հայրը:

Այս առիթով ելոյթ ունեցաւ հայ շեփորներու խումբը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տհոլներու համոյթը:

Յայտնենք, որ փառատօնին հաղորդավարն էր Սեւան Կարապետեան-Ադամեան:

Փառատօնին մթնոլորտը հասաւ իր գագաթնակէտին` Արցախէն ժամանած «Մենք մենք մեր սարերը» երգի պարի պետական համոյթին կատարումով:

Խումբը ներկայացուց ազգային, հայրենասիրական, ժողովրդային եւ ազգագրական երգերու շարք մը` ներկաներուն փոխանցելով Արցախի շունչն ու ոգին:

Համոյթի կատարած երգերը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ, եւ անոնք ըմբոշխնեցին մատուցուած հարազատ հայ երգը` արցախցիներու մեկնաբանութեամբ:

Փառատօնի վերջին երգը, որ «ղարաբացին» էր, ժողովուրդը ոտքի երգեց խումբին հետ եւ ծափողջոյններով իր երախտագիտութիւնը փոխանցեց Արցախէն ժամանաց «Մենք ենք մեր սարերը» երգի ու պարի համոյթին:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հանդիպի Իրանի Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Պետերուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.