Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Հայրենի Արուեստագէտ Աննա Շահնազարեանի Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

October 24, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_4872Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, հովանաւորութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Իլիաս Ապու Սաապի, երէկ` հինգշաբթի, 23 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ հայրենի արուեստագէտ Աննա Շահնազարեանի գործերու ցուցահանդէսին բացումը: Ներկայ էին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայաստանի հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, միութիւններու  ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ արուեստասէր բազմութիւն մը:

Ցուցասրահին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Կրէյս Լոճիքեան: Ան ողջունեց հայրենի արուեստագէտ Աննա Շահնազարեանի ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ` հաստատելով, որ հակառակ այսօրուան դժուար պայմաններուն եւ մեր ապրած մտահոգութիւններուն, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը կը փորձէ արուեստի ճամբով խաղաղութիւն, գեղեցկութիւն եւ ապագայի յոյս ներկայացնել, ի դէմս մեր առօրեային մէջ արձանագրուող բարբարոսութիւններուն եւ անմարդկային վերաբերմունքներուն: Ան հաստատեց, որ այս ցուցասրահը կը փորձէ գեղեցկութիւնն ու հանճարը իրար միացնելով մեր կեանքին մէջ ուրախութիւն ներարկել: Ապա անդրադարձաւ արուեստագէտին ստեղծագործական աշխարհին,  ինչպէս նաեւ այս ցուցահանդէսին ներկայացուած գործերուն: Վերջաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւոր նախարար Սաապին, որ միշտ ալ քաջալեր կը հանդիսանայ մշակութային բարձրորակ նախաձեռնութիւններու:

Աննա Շահնազարեան
Աննա Շահնազարեան

Ապա խօսք առաւ արուեստագէտ Աննա Շահնազարեան, որ նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար: Ան հաստատեց, որ իր գործերուն մէջ կը փորձէ դնել իր ամբողջ ներաշխարհն ու զգացումները եւ կը յուսայ հասցնել իւրաքանչիւր դիտողի եւ արուեստասէրի հոգիին եւ սրտին, եւ այդ մէկը իրեն գերագոյն հաճոյք եւ գոհունակութիւն կը պատճառէ:

Յուշանուէրի յանձնում` նախարար Ապու Սաապին
Յուշանուէրի յանձնում` նախարար Ապու Սաապին

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան այս առիթով նախարար Ապու Սաապին փոխանցեց յուշատախտակ մը:

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ընձեռուած այս առիթին համար, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց այսպիսի նախաձեռնութիւնները` գնահատելով նաեւ ցուցահանդէսը: Ան անհրաժեշտ նկատեց մշակոյթի մարզին մէջ Հայաստան-Լիբանան համագործակցութեան այս վարակիչ մթնոլորտը` յոյս յայտնելով, որ այդ մէկը կը զարգանայ եւ կը բարգաւաճի: Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ հայութեան հետ խոր արմատներ ունեցող իր սերտ կապերուն ու փորձառութեանց եւ այս իմաստով յայտնեց իր երախտագիտական զգացումները:

Յայտնենք, որ Շահնազարեան  «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կը ցուցադրէ տարբեր չափերու 36 արուեստի գործեր:

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 10 նոյեմբեր 2014, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Կաթուածներու Տեսակները Եւ Անոնց Հետեւանքները» Նիւթով

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.