Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Կաթուածներու Տեսակները Եւ Անոնց Հետեւանքները» Նիւթով

October 24, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC04411Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ «Կաթուածներու տեսակները եւ անոնց հետեւանքները» նիւթով դասախօսութիւն մը, որ ներկայացուց սրտաբան տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը, ան նշեց, որ կաթուածները երբեմն թեթեւ կ՛ըլլան, բայց յաճախ անդարմանելի վնասներ կամ մահ կը պատճառեն: Անոնք կրնան պատահիլ որեւէ տարիքի` երիտասարդներ, պատանիներ, մանուկներ, նոյնիսկ նորածիններ, չափահասներու եւ տարեցներու կողքին:

Տոքթ. Էճիտեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով մարդ արարածին Ֆիզիքական ընդհանուր կառոյցը եւ ներքին օրկաններու աշխատանքը` յատկապէս կեդրոնանալով երակներու համակարգին ու ցանցին վրայ, նկատի ունենալով երակներու հիմնական դերն ու բաժինը տարբեր կաթուածներու պարագային:

Դասախօսը տարբեր սահիկներու օժանդակութեամբ մանրամասնօրէն ներկայացուց արեան տարբեր տեսակի երակները, անոնց բնական ընթացքը արեան փոխադրութեան աշխատանքին մէջ,  յատկապէս կեդրոնանալով տարբեր պայմաններու տակ երակներու խցման ու փակման պարագաներուն վրայ: Ան բացատրեց նաեւ, թէ երակները ճարպերու կուտակումով կը նեղնան կամ կը խցուին, տարբեր վիճակներ, որոնք ունին իրենց հետեւանքները:

Ներկայացնելով տարբեր կաթուածները եւ անոնց հետեւանքները, սրտաբանը առաջին բաժինով խօսեցաւ սրտի կաթուածին մասին` ըսելով, որ սրտի կաթուածի գլխաւոր ախտանշանը կուրծքի սուր ցաւն է: Ան յիշեց նաեւ, թէ սրտի կաթուածը այրերու մօտ աւելի բարձր համեմատութիւն կը կազմէ: Անցեալին այս երեւոյթը կը  պատահէր 40 տարեկանէն վեր անձերու մօտ, այժմ պատկերը փոխուած է, որեւէ տարիքի կարելի է պատահիլ:

Սրտի կաթուածը սրտի երակներու խցման արդիւնք է: Յաճախ արեան գունդ մը կազմելով սրտի երակներուն մէջ կամ այլուր, կու գայ ու կը խցէ սրտի որեւէ երակ` յառաջացնելով սրտի ու կուրծքի սուր ցաւ ու կաթուած:

Կաթուածներու շարքին երկրորդը կը հանդիսանայ ուղեղային կաթուածը:

Ուղեղի կաթուածը կրնայ յառաջանալ, երբ որեւէ երակ նեղնայ կամ խցուի: Այդ կրնայ պատահիլ, երբ արեան բարձր ճնշում գոյութիւն ունենայ, կամ արեան գունդ մը կազմուելով ուղեղի մէջ կամ այլուր:

Վերջին բաժինով տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան թուեց երեք այլ կարեւոր կաթուածներ, որոնք կրնան պատահիլ.

1.- Ոտքի – երակներու չորացումի իբրեւ հետեւանք, կամ արեան գունդի կազմութիւն:

2.- Աղիքներու – գլխաւոր ախտանշանը փորի սուր ցաւն է, եւ կրնայ ունենալ ծանր հետեւանքներ:

3.- Աչքի կաթուածը- ենթական առաջնորդելով տեսողութեան կորուստի` մասնակի կամ ամբողջական:

Դասախօսը ներկայացուց հիմնական քանի մը տուեալներ, ունենալու առողջ կեանք մը` հեռու կաթուածներէ:

Աւարտին, տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան տարբեր բացատրութիւններով եւ լուսաբանութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

 

 

Նախորդը

Ազգի՛ն Շունչը

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Հայրենի Արուեստագէտ Աննա Շահնազարեանի Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.