Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Գումարեց Ընթացիկ Շրջանի Իր Գ. Նիստը

October 21, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1020_azkayinԼիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ընթացիկ շրջանի Գ. նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն, թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի նախագահ Յակոբ Լատոյեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ նախորդ Երեսփոխանական ժողովի ատենագրութեան քննարկում եւ վաւերացում: Այնուհետեւ փաուըր փոյնթով ներկայացուեցան Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան երկամեայ աշխատանքային ծրագիրները, որոնց յաջորդեց լուսաբանական հարցումներու եւ առաջարկներու բաժին: Ապա կրկին փաուըր փոյնթով ներկայացուեցան Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքները. ներկայացման ընթացքին համալիրի շինարարական յանձնախումբի անդամ Վահան Գասարճեան բացատրութիւններ տուաւ ընդհանուր ծրագիրին եւ աշխատանքներուն մասին: Այնուհետեւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Յակոբ Եագուպեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց Ազգային վարժարաններու ուսումնական-կրթական վիճակը, որուն յաջորդեց առաջարկներու բաժին:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համագաղութային ծրագիրներուն մասին զեկուցեց 100-ամեակի մարմինի ատենապետ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Սեդա Խտըշեան:

Ժողովին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան գնահատեց Ազգային վարչութեան եւ խորհուրդներուն տարած աշխատանքը: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ Ազգային վարժարանի կառուցման ընթացքը ներկայիս կարեւորագոյն աշխատանքներէն մէկն է: «Կը հաւատանք, որ նոր սկիզբ է` հին փորձառութիւնը նոր հունի մէջ տեղադրելու հասկացողութեամբ», հաստատեց սրբազանը եւ պահպանիչով փակեց ժողովը:

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Նպաստաբաշխում` Լիբանան Ապաստանած Սուրիահայ Գաղթական Ընտանիքներու

Յաջորդը

Մոսկուա Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Մերձտնեսթր Զարգացնէ Յարաբերութիւնները Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Եւ Մաքսային Միութեան Հետ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.