
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը այսու կոչ կ՛ուղղէ լիբանանահայ գաղութի բոլոր հասարակական, յարանուանական, հայրենակցական, ուսանողական, երիտասարդական, մշակութային եւ մարզական միութիւններուն իրենց պատրաստելիք տարեկան օրացոյցերու եւ տարբեր բնոյթի հրատարակութիւններու հիմնական նիւթը յատկացնելու ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
100-ամեակի պետական յանձնաժողովի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կեդրոնական մարմինի որդեգրած լոկոները պիտի տեղադրուին 100-ամեակի պաշտօնական կայքին վրայ: Հրատարակութեան համար բարձր որակով (high resolution) տարբերակները ստանալու համար դիմել գործավարութեան` հեռաձայնելով 70 951 586 թիւին կամ գրելով ե-նամակի հետեւեալ հասցէին [email protected]
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ


