Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Քեսապի Նկատմամբ Թուրքիոյ Ախորժակը Կը Յամենայ

October 18, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1017_vaho«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» 1 հոկտեմբերին հաղորդեց, որ ըստ ապահովական աղբիւրներու, Թուրքիոյ ստեղծել փափաքած «ապահովական գօտին պիտի չներառէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ որեւէ շրջան, որ կը գտնուի Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան կամ ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ, որպէսզի թրքական ուժերը այդ խմբակներուն հետ գործ չունենան»:

Ուրեմն հիւսիսային Սուրիոյ ո՞ր շրջանին մէջ պիտի ստեղծուի այդ գօտին. բնական պատասխանը Սուրիոյ քարտէսին ծանօթներուն մօտ կը ստեղծէր Քեսապի ճակատագիրին նկատմամբ մտահոգութիւն մը, որ այսօր առաւել եւս հիմնաւորուած է, որովհետեւ այդ տեղեկութիւնը յստակացուելով ու մանրամասնուելով մեզի կը փոխանցուի ոչ թէ անանուն աղբիւրներու կողմէ, այլ` Թուրքիոյ վարչապետին:

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու 15 հոկտեմբերին «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին թուած է Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիներու ստեղծման հաւանական վայրերը` նշելով, որ անհրաժեշտ է «թրքական սահմանը միացնել» հիւսիսային Լաթաքիոյ` իմա՛ Քեսապին, ինչպէս նաեւ Հասաքայի կարգ մը շրջաններուն, Ճարապլուսի, Արաբունարի, Թել Ապիատի, Իտլիպի եւ Աֆրինի` «պաշտպանելու համար Սուրիոյ արաբները, քիւրտերը եւ թիւրքմենները»:

Տաւութօղլու ապահովական այդ գօտիին իսկական բնոյթը ծածկելու ձախող աճպարարութեամբ մը կատարած է հետեւեալ ծիծաղելի հաստատումը. «Մեր ապահովական գօտի ըսածը զինուորական նշանակութիւն չունի, այլ մարդասիրական-ապահովական գօտի մըն է, որ պիտի ըլլայ զինուորական պաշտպանութեան տակ»: Ան շեշտած է, որ այդ գօտիներուն խորքը կրնայ փոխուիլ ըստ այդ շրջաններուն մէջ մարդասիրական տարբեր կացութեանց` աւելցնելով, որ Թուրքիան առանձին միջամտելու ռիսքին պիտի չդիմէ: Այլ խօսքով` Թուրքիա այս անգամ Քեսապի գրաւումը չ՛ուզեր վստահիլ իր վարձկաններուն, հարցը առած է իր ձեռքը եւ իր «մարդասիրական» քայլին համար կը ջանայ միջազգային օրհնութիւն ապահովել, որպէսզի հետագային «Քեսապը փրկեցէ՛ք» բարձրաձայնող ձայները խեղդէ եւ այդպիսի արշաւի մը ազդուութիւնը չէզոքացնէ: Անհրաժեշտ է այժմէն իսկ մեր ձայնը լսելի դարձնենք եւ մեր մտահոգութիւնը փոխանցենք առնչակից կողմերուն, որովհետեւ վաղը կրնայ ուշ ըլլալ եւ այդ մէկը կատարելը կրնայ ձեւական ու ամուլ քայլի մը վերածուիլ:

Թուրք ղեկավարներուն նպատակը մէկ քարով երկու թռչուն զարնելն է. անոնք կ՛ուզեն Թուրքիոյ մէջ գտնուող շուրջ 1,5 միլիոն սուրիացի գաղթականները այդ «ապահովական գօտիներ»-ուն մէջ վերաբնակեցնելով անոնց պատճառած տարատեսակ գլխացաւերէն ու մտահոգութիւններէն ձերբազատիլ եւ այդ ընթացքին Քեսապն ալ հայաթափել ու անոր հայկական ինքնութիւնը ջնջել: Այսօր գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ պատմութիւնը ինքզինք կրկնէ. ատենօք հայերը Կիլիկիայէն տեղահանուելէ ետք այդտեղ վերադարձան, սակայն կարճ ժամանակ ետք դարձեալ տեղահանուեցան: Ջանանք, որ այդ դառն փորձառութիւնը դարձեալ չապրինք:

 

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին. Պարոյր Աբղյ. Շերնեզեան Եւ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան Խօսեցան «Երիտասարդութիւնն Ու Եկեղեցին» Նիւթին Մասին

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Գիրքի Պատրաստութեան Մրցանակաբաշխութիւն Եւ Գիրքի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.