Ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պաշտպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին վրայ հակառակորդին կողմէ արձակուած անկանոն կրակոցներու պատճառով, երկուշաբթի կէսօրէ ետք ծունկէն վիրաւորուած է զինուոր` 1995 թուականին ծնած Յովհաննէս Թադեւոսեան: Յուլիս-օգոստոսեան աննախընթաց լարուածութեան անկումէն ետք, որ կարելի եղաւ ապահովել պաշտպանութեան բանակի վճռական գործողութիւններուն շնորհիւ, ասիկա սահմանագիծին վրայ հակառակորդին կողմէ սադրուած հերթական միջադէպն է, որմէ կարելի է եզրակացնել, որ ազրպէյճանական կողմը կրկին որդեգրած է իրավիճակի միտումնաւոր ապակայունացման ուղղուած անհեռատես ուղին: Վերջին օրերուն հակառակորդը զինադադարի խախտման դէպքերը քառապատկած է: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ ազրպէյճանական կողմին` զերծ մնալու իրավիճակի հետագայ լարուածութեան ուղղուած գործողութիւններէն եւ քայլերու ձեռնարկելու սահմանագիծին վրայ իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ: Առաջին գիծին վրայ իրադրութեան հետագայ սրման պարագային, Արցախի պաշտպանութեան բանակը պիտի ձեռնարկէ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն` հակառակորդը լռեցնելու համար:


