Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի պատմական նոր կեցուածքի մը, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ յայտարարել գերիշխանութեան, անկախութեան, ժողովրդավարութեան եւ բարեկարգումի իմաստով լիբանանցիներուն իրաւունքը` տնտեսական, քաղաքական, ընկերային եւ բարգաւաճման մարզերուն մէջ:
Քանաան նշեց, թէ ոմանք կը մտածեն, որ նախագահական ընտրութիւնը կը կատարուի պարզապէս որպէսզի քրիստոնեայ մը նախագահութիւնը ստանձնէ, սակայն անիկա քայլ մըն է փաստելու համար քրիստոնեաներուն ամբողջական մասնակցութիւնը երկրին իշխանութեան:
Ան հաստատեց, որ խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ համայնքին իսկական մասնակցութիւնը կարելի կ՛ըլլայ երաշխաւորել արդար ընտրական օրէնքով մը, որ խորհրդարանին մէջ հաւասարութիւնը կը պահպանէ եւ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովէ:
Քանաան վերահաստատեց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը մերժելու համախմբումին կեցուածքը` նշելով, որ այդ մերժումը սկզբունքային է: «Պէտք չէ Լիբանանի Ազգային ուխտը օգտագործել երկրին ժողովրդավարութիւնը հարուածելու եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ջնջելու համար», ըսաւ ան:
Քանաան կոչ ուղղեց կառավարութեան սուրիացի տեղահանուածներուն համար յստակ քաղաքականութիւն մը որդեգրելու:


