
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք շէյխ Տըրիան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան զօրակցող միջավայր չկայ:
Ան զօրակցութիւն յայտնեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` ընդգծելով նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, միւֆթի Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փլամպլի ողջունեց Տար Ֆաթուայի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութիւնը` ընդգծելով, որ ՄԱԿ պէտք է աւելցնէ Լիբանանի նկատմամբ իր օժանդակութիւնները, յատկապէս տեղահանուած սուրիացիներուն օգնութեան նպատակով:


