Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

October 15, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1959927_10153235156598294_972132143385914716_nՆախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ եթէ պատահին պարագաներ, որոնք սիւննի համայնքի զաւակներ են ու քաղաքական մեր ուժերուն մաս կազմելով հանդերձ ուզեն լիբանանեան բանակին դէմ կռուիլ, մենք անոնց դէմ պիտի պատերազմինք:

«Իբրեւ Մուսթաքպալ հոսանք մեր կեցուածքը յստակ է, ՏԱՀԵՇ-ի անդամները ահաբեկիչներ են, անոնք լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան բանակին դէմ պատերազմած են, իսկ մենք անոնց դէմ պիտի կռուինք», ըսաւ ան:

Հարիրի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ սիւննի համայնքի զաւակները չափաւորական են եւ արեան քննութեան կարիք չունին. անոնց միջեւ ահաբեկչութեան ու ՏԱՀԵՇ-ի զօրակցող միջավայր չկայ:

Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է ընդունի, որ Սուրիոյ պատերազմին իր մասնակցութիւնը սխալ էր:

Միւս կողմէ, «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Հարիրի յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ կազմակերպութիւնը ահաբեկչական խմբաւորում մըն է:

Հարիրի ըսաւ, որ այդ կազմակերպութիւնը ո՛չ իսլամական կրնայ ըլլալ եւ ո՛չ ալ պետութիւն, որ կրօնի անունով աւերներ կը գործէ:

Հարիրի յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային ուխտին ռմբակոծումները կարեւոր են, սակայն անբաւարար:

Ան շեշտեց, որ իսլամ ղեկավարներուն մեծ մասը չափաւորական է, սակայն անոնց քաղաքական ներկայացուցիչները կարիքը ունին յաւելեալ վստահութիւն ձեռք ձգելու:

Ան ընդգծեց, որ արաբական աշխարհի չափաւորականները պատրաստ են կռուելու ծայրայեղութեան դէմ, սակայն անոնք միաժամանակ պէտք է դիմադրեն իրենց երկիրներուն մէջ Իրանի միջամտութիւններուն:

Հարիրի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը կը գլխաւորէ ծայրայեղութեան դէմ քաղաքական եւ մշակութային պայքարը` աւելցնելով, որ առանց թագաւորին մասնակցութեան կարելի պիտի չըլլար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինք գոյացնել:

Ան աւելցուց, որ ՏԱՀԵՇ կազմուած է Նուր Մալիքիի եւ Պաշշար Ասատի գլխաւորած իրաքեան եւ սուրիական բանտերուն մէջ գտնուող ոճրագործներէն եւ Քայիտայի անդամներէն:

Հարիրի նաեւ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ պէտք է անպայման նախագահական ընտրութիւն կատարել` պահպանելու համար պետական հաստատութիւններն ու սահմանադրութիւնը, Հըզպալլան պէտք է Սուրիայէն դուրս բերել, ինչպէս նաեւ զինել բանակը եւ ապահովութեան ուժերը, որպէսզի անոնք կարենան պայքարիլ ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակէն Յիսնապետ Մը Կը Միանայ ՏԱՀԵՇ-ին

Յաջորդը

Հանրապետութեան Միւֆթին Այցելեց Սելիմ Հըսի Եւ Ընդունեց Փլամպլին

RelatedPosts

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ  Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»
Լիբանանեան

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»

November 28, 2026
Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ,  Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»
Լիբանանեան

Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ, Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»

November 28, 2026
Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական  Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։