Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ նախանցեալ օր բանակէն իր անջատումը յայտարարած յիսնապետ Ապտել Մենեմ Խալետ, որ նշած է, թէ ինք ՏԱՀԵՇ-ի միացած է, չորս ամիսներէ ի վեր զինուորական ծառայութենէն փախուստ տուած է:
Նշենք, որ երէկ բանակը Աքքարի Տուէյր գիւղաքաղաքին մէջ ներխուժումներ կատարեց` խուզարկելով նաեւ օր մը առաջ ՏԱՀԵՇ-ի իր անդամակցութիւնը յայտարարած յիսնապետ Ապտել Մենեմ Խալետի բնակարանը:


