
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումէն ետք Մաշնուք մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Մաշնուք այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղահանուած սուրիացիներուն համար գաղթակայաններ հաստատելու կարելիութիւնը:
Մեկնումի պահուն Մաշնուք պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու դժուարութիւն կայ` երկրին վրայ շրջանային հակադրութիւններուն ունեցած հետեւանքներուն պատճառով:
Նշենք, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով Մաշնուք յայտնեց, որ այդ թղթածրարը լուծման հունին մէջ է:
Միւս կողմէ, Մաշնուք նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Մոհամետ Քապպարան եւ Սամիր Ժսըրը, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը եւ հոն գործադրուող ապահովական ծրագիրին վերաբերող հարցեր:
Մաշնուք ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս անոր դիմագրաւած ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի վտանգները:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նեցուկ կանգնելու եւ զանոնք զինելու անհրաժեշտութիւնը:


