Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 12 հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի ախոյեանութեան կէս-մարաթոնի մրցումը (21,100 քմ)` մասնակցութեամբ 365 երկսեռ վազողներու, որոնք մասնակցեցան տարբեր դասակարգերու մրցումներու:
Մրցումը սկիզբ առաւ Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրէն (Ժունիէ)` ուղղուելով դէպի Մաամըլթէյն` Օսքար Փալասի մօտակայքը, ապա վերադառնալով դէպի Տըպպայէ, եւ անկէ` սկիզբի վայրը, ուր տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Ներկայ եղան Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին նախագահ Ռոլան Սաատէ, ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պըժժանի, քարտուղար Նաամթալլա Պըժժանի, այլ անդամներ եւ մարզասէրներ:
Այս կէս-մարաթոնին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Պէյրութը:
Ան իր տարիքային դասաւորման մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը` արժանանալով պրոնզ մետալի եւ արձանագրելով 2 ժամ 03′ 14″ արդիւնք մը:


