Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փաթրիք Հիքէյը եւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի շարք մը պատասխանատուներ:
Նախագահ Սարգսեան ողջունելով իր հիւրերը վստահութիւն յայտնեց, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահին Հայաստան այցելութիւնը նոր խթան պիտի դառնայ Հայաստանի մէջ մարզական կեանքի զարգացման:
Երկու կողմերը դրուատիքով արտայայտուեցան հայ մարզիկներուն մասին որոնք իրենց ձեռքբերումներով Հայաստանը միջազգային հանրութեան մօտ աւելիով ճանչցուցին:
Պախ հաճոյքով ըսաւ, որ Զուարթնոց օդակայանին մէջ տեսնելով զինք դիմաւորելու եկած հայ ողիմպիական ախոյեաններուն մեծաթիւ բանակը, ինքզինք զգաց իր տան մէջ:
Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սարգսեանին` ջերմ ընդունելութեան համար:
Հանդիպումին ընթացքին Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէի նախագահը ներկայացուց յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք Եւրոպական ողիմպիական խաղերուն նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը:
Երկու կոմիտէներուն նախագահները նախագահ Սարգսեանին վստահեցուցին, որ պիտի գործադրուին բոլոր ջանքերը, որպէսզի Հայաստան եւ հայ ժողովուրդը բաւարարուած ըլլան այդ բանակցութիւններուն արդիւնքներով եւ հայ մարզիկներուն ու անոնց մարզիչներուն համար ողիմպիական այդ խաղերը ընդունող երկրին մէջ անհրաժեշտ պայմանները ապահովուած ըլլան:
Նախագահ Սարգսեան եւ Թոմաս Պախ համակարծիք գտնուեցան, որ մարզական կեանքը քաղաքականացնելը անթոյլատրելի է եւ անիկա պէտք է ըլլայ զուտ մարզական, հեռու` քաղաքական հաշիւներէ:
Նշենք, որ այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան:
Նախքան նախագահ Սարգսեանի հետ այս տեսակցութիւնը տեղի ունենալը, կազմակերպութեամբ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին, «Փարաւոն» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որուն ընթացքին մեծարուեցան համաշխարհային մարզական ղեկավարները` ներկայութեամբ Հայաստանի մարզաշխարհի հարիւրաւոր ներկայացուցիչներու:
Ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը, որ կը պատմէր անկախ Հայաստանի մարզական յաջողութիւններուն մասին:
Ելոյթներ ունեցան Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան, Գագիկ Ծառուկեան եւ Թոմաս Պախ:


