Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մարզական գրասենեակը յայտնեց, որ յանձնախումբի նախագահ Փիեռ Քահիա չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբերին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունենալիք մարզական կարեւոր իրադարձութեան մը մասին, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Լիբանանի անկախութեան տօնին:
Մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ «Փրոմենատ» պանդոկին մէջ (Զալքա), կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Ինչ կը վերաբերի այդ մարզական իրադարձութեան, անիկա տեղի պիտի ունենայ 21-23 նոյեմբերին, «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրին մէջ (Ժունիէ):


