Պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով Արժանթին յայտնեց, որ կ՛ուզէ հիւրընկալել 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը:
Յատկանշական է այն, որ ցարդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը հարաւային ամերիկեան երկրի մը մէջ տեղի չեն ունեցած:
Այս ցամաքամասին մէջ առաջին ողիմպիականը տեղի պիտի ունենայ 2016-ին, երբ Ռիօ տը Ժանէյրօ հիւրընկալէ ամառնային ողիմպիական խաղերը:
Նշենք, որ 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու համար ցարդ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են Փեքին եւ Ալմա Աթա:


