Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի խումբերէն Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի նախկին յառաջապահ Լես Ֆերտինանտ նշանակուեցաւ խումբի ֆութպոլի բոլոր հարցերուն գլխաւոր պատասխանատուն:
Ֆերտինանտ, որ մաս կազմած է անգլիական շարք մը ֆութպոլի ակումբներու, որոնց կարգին` Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի, պիտի ստանձնէ ֆութպոլի վերաբերեալ բոլոր տեսակի հարցերը:
Ան ըսաւ, որ շատ մեծ ուրախութեամբ ստանձնեց իր այս պաշտօնը, մանաւանդ որ կը վերադառնայ իր նախկին ակումբին, որուն հետ ունի անցեալի լաւ յիշատակներ


