Հինգշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը տասնմէկ հոգիներէ բաղկացած Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան:
Այցելութեան նպատակն էր ստանալ վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը եւ թելադրանքները:
Շրջանային վարչութիւնը ներկայացուց վարչութեան յառաջիկայ երկամեակի ծրագիրները: Անդրադարձաւ հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու կրթանպաստին, ծերունիներու խնամքին, կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութեան, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի գործունէութեան, շեշտը դրաւ Լիբանան ապաստան գտած սուրիահայերու օժանդակութեան վրայ:
Վեհափառ հայրապետը մեծապէս գնահատեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ծառայութիւնը հայ ժողովուրդի զաւակներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն` ընկերաբժշկական մարզին մէջ: Ան յատկապէս ողջունեց Սուրիոյ տագնապին պատճառով Լիբանան հաստատուած սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն մատուցուած ծառայութինը:
Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը վերաշեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը այն բոլոր աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն, որոնց նպատակն է օգտակար հանդիսանալ սուրիահայ ընտանիքներուն դիմագրաւած կարիքներուն:


