Ռ. Հ.
Բարեկամս, որ երկար ատենէ ի վեր խմբագրատուն չէր եկած, երկու սանդուխներէն ելլելէ վերջ մտաւ աշխատասենեակէս ներս եւ գրեթէ փուլ եկաւ բազկաթոռին մէջ: Հեւ ի հեւ էր:
– Դեռ ոտքի ենք, բայց ծերացանք,- ըսաւ աչքերուս մէջ նայելով:
Խնդացի:
– Սխալ ըսիր,- պատասխանեցի:- Պէտք է ըսես. «Ծերացանք, բայց դեռ ոտքի ենք»:
Ուսերը թօթուեց.
– Այսպէս կամ այնպէս, ծերացանք, ծերանալը ծերանալ է:
– Ծերանալը ծերանալ է, բայց ծերանալը լաւ է,- ըսի:
Աչքերուս մէջ նայեցաւ` կարծես ուզելով հարցնել, թէ ծերանալուն ի՞նչը լաւ էր: Մինչդեռ ինք ալ անկասկած գիտէր, թէ ծերանալը լաւ է, ծերանալը կեանքին ու բախտին շնորհն է մարդուս, այո՛, ծերանալը ծերանալ է թէեւ, բայց ատիկա բախտաւորութիւն մըն է, որ ամէնուն չի տրուիր դժբախտաբար: Երջանիկ են անոնք, որոնք ծերանալուն համը գիտեն:
– Գիտե՞ս,- ըսի,- թերեւս երկու կամ երեք տարիէ ի վեր բնաւ չպատահեցաւ, որ վազել ստիպուիմ սա կամ նա պատճառաւ, վազել ստիպուիմ որպէսզի տեղ մը հասնիմ: Ա՜խ, կեանքիս մէջ որքա՛ն վազեցի, վազեցի շոգենաւուն հասնելու համար, վազեցի հանրակառքին հասնելու համար, վազեցի ժամադրութեան մը հասնելու համար: Մինչդեռ հիմա՞: Վազելը մոռցայ այլեւս: Եւ արդէն փողոց ալ չեմ ելլեր, կամ շատ քիչ կ՛ելլեմ: Հազիւ թէ քիչ մը առուտուր ընելու համար: Այդքանը հաճելի է: Տունէն խմբագրատուն, խմբագրատունէն տուն: Առաջ` մէկ փողոցէն միւսը, մէկ թաղէն միւսը, քաղաքին այս ծայրէն դէպի միւս ծայրը, որքան շատ գործ ունէի փողոցը: Ի՜նչ լաւ է, որ հիմա գրեթէ բնաւ գործ չունիմ: Եթէ ունենամ, ինքնաշարժը կամ թաքսին ողջ ըլլայ, զիս կ՛առնէ, կը տանի: Եթէ երբեմն ստիպուիմ հանրաշարժ առնել, գիտե՞ս, այլեւս ոչ մէկուն տեղ տալու պարտաւորութիւն կը զգամ: Ընդհակառակը, ուրիշներն են, որ ինծի տեղ կու տան` ներս մտնեմ-չմտնեմ: Եւ ես հանգիստ մը կը նստիմ` առանց խղճահարելու ոտքի մնացած անցորդներուն վրայ: Ասիկա շատ կարեւոր կէտ է, գիտե՞ս: Առաջ կը խղճահարէի: Կը խղճահարէի ոտքի մնացած մարդոց վրայ: Երբ կը ծերանաս, այլեւս չես խղճահարիր, որովհետեւ շուրջիններդ անխտիր քեզմէ աւելի երիտասարդ են: Ասիկա ալ շատ կարեւոր կէտ մըն է: Ծերացած մարդը յաճախ կը մտածէ, որ իր շուրջ ամէն մարդ իրմէ աւելի երիտասարդ է: Քիչ առիթներով է, որ ան կրնայ շրջապատուիլ տարեկիցներով: Տեսնել, թէ ամէն մարդ իրմէ աւելի երիտասարդ է, կրնայ մարդս տառապեցնել: Բայց տեսնել, թէ բոլոր շուրջինները կը յարգեն քեզ ամէն բանէ առաջ տարիքիդ համար, մխիթարական է: Նոյնիսկ` ուրախացուցիչ:
Անցեալ օր մարքեթէ մը մէկ երկու ապրանք գնած էի: Երբ կարգը եկաւ գնածիս փոխարժէքը վճարելու, տեսայ, որ գանձիչ պաշտօնեաներուն առջեւ պոչեր կային: Դրամ վճարողներու պոչեր: Բաւական ժամանակէ ի վեր այսպիսի պոչերու մէջ մտնելու, կարգ սպասելու առիթը չէի ունեցած: Մտայ անոնցմէ մէկուն մէջ ու սկսայ սպասել: Դանդաղ կը յառաջանայինք, ու ես նոյնիսկ մտածեցի, որ գնած ապրանքէս հրաժարիմ: Ինձմէ առաջ աղջնակ մը կար: Ինծի դարձաւ ու ըսաւ.
– Առաջ դուք անցէք:
Ձեռքը միայն մէկ տոպրակ կար, գործը երկար պիտի չտեւէր:
– Հոգ չէ, հոգ չէ, աղջի՛կս,- ըսի,- դուն քու գործդ տես:
– Խնդրեմ,- ըսաւ աղջիկը, եւ ետ քաշուելով` իր տեղը ինծի տուաւ:
Մէկ կամ երկու վայրկեանի զոհողութիւն մըն էր ըրածը, բայց թող ըլլա՛յ: Շատ տպաւորուեցայ: Շնորհակալութիւն յայտնեցի: Աղջիկը դարձեալ գլուխը շարժեց.
– Խնդրեմ,- ըսաւ:
Գիտէի, որ անոր այդ անուշիկ «Խնդրեմ»-ին մէջ իմ ծերութեանս հանդէպ յարգանք մը, պատկառանք մը կար, թերեւս ալ իմ տարիքիս նկատմամբ խղճահարութիւն մը, եւ կամ` թերեւս ինքզինք դեռ շատ երիտասարդ զգալու հպարտութիւն մը, բայց ատիկա զիս անհանգիստ չըրաւ: Մտածեցի, որ ծերանալը լաւ է:
Ծերանալը լաւ է, բայց ծերութիւնը իրեն հետ կը բերէ նաեւ շատ մարդ կորսնցուցած ըլլալու տխուր անդրադարձում մը: Եթէ ծերացած ես, անպայման երբեմն առիթը պիտի ունենաս յիշելու հին բարեկամներ կամ ծանօթներ, որոնք հիմա չկան այլեւս, եւ որոնք համեմատաբար մեռան կանուխէն: Որքա՜ն շատ են անոնք: Մոռցած էիր զանոնք, բայց յանկարծ կը պատահի, որ դէպք մը յիշեցնէ անոնցմէ մէկը կամ միւսը: Այն ատեն ուրիշ անուններ ու դէմքեր ալ կու գան մարդուս միտքը: Ու կը զարմանաս, թէ որքան շատ մարդ, զոր ճանչցած ես, հիմա չկայ: Ասիկա տխուր է: Բայց նաեւ մարդուս կը յիշեցնէ, թէ ապրուած ամէն օրուան համար մարդ պէտք է շնորհակալ ըլլայ իր բախտին: Ծերանալը լաւ է, բայց պէտք է որ բախտը ունենաս հանգիստ ծերութիւն ապրելու, ամէնէն կարեւորն ալ` շուրջդ քեզ սիրող մարդ ունենալու: Ծերանալը քիչ մըն ալ առանձին մնալ կը նշանակէ: Ամէն մարդ կը յարգէ ծերունիները, բայց ծերունիները այլեւս հետաքրքրական մարդիկ չեն երիտասարդներու համար: Ծերանալը լաւ է, եթէ անկիւն մը չես շպրտուած, մանաւանդ եթէ տակաւին կրցած ես ոտքի մնալ, ինչպէս ըսած էր բարեկամս: Հիմա կրնայի սրբագրել արտասանուած նախադասութիւնը: Եւ ըսել ամենակարեւորը.
– Ծերանալը լաւ է, պայմանաւ որ դեռ ոտքի ես:


