Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն»-ի «Ձեռք Երկարենք»-ը Օգտաշատ Ձեռնարկ Մը

October 9, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Երեք տարիներէ ի վեր սփռուող բարեսիրական յայտագիր մը` օգտաշատ արդիւնքով, որ ընդհանրապէս հիւանդ անձի մը բուժման ծախսերուն նպատակադրուած է, ժողովրդային մասնակցութեամբ: Աստուածաշնչային լումաներով գոյացած դրամը բարիք մը կը բերէ հիւանդին:

Կարեւորը «ձեռք երկարել»-ն է, յոյս ու հաւատք ներշնչելը: Այս «երկարած ձեռք»-ը եթէ ամբողջովին չի կրնար փակել հաշիւը, այսուհանդերձ, յոյսին դուռը լայն կը բանայ հիւանդին դիմաց:

Մեր բարեսիրական հիմնարկներուն բարեխօսութիւնը վստահելիին շունչը կը փոխանցէ, եւ գումարուած արդիւնքը ապահովութիւն կը խոստանայ նուիրատուներուն:

Ամէն ամսուան վերջին հինգշաբթի օրը «Վանայ ձայն»-ի ունկնդիրները ժամադրուած են այս յայտագիրին հետ` նուիրատուութիւն կատարելու: Յայտագիրը կը սկսի հիւանդին հարազատին կողմէ, հիւանդութեան բացատրողականով: Ունկնդիրը արդէն կ՛անհանգստանայ` որքա՞ն տալ հարցումը ուղղելով ինքզինքին: Ունեւոր եւ չունեւոր կը տրամադրուին ձեռք երկարելու քիչով կամ շատով: Գրեթէ ամէն ամիս լսուող նոյն ձայներն են մասնակիցները: Ո՞ւր են միւսները…

Ժամը 11:00-13:00` վերջ յայտագրին: Կը յայտարարուի գումարը: Խօսնակը բաւական շունչ սպառած է արդէն: Արդիւնքը բաւարա՞ր է արդեօք վիրաբուժական ծանր գործողութեան մը համար: Երանի թէ նուիրատու բացակաները քիչ ըլլային: Ունկնդիրները թէեւ ուրախ են, բայց աւելին կ՛ակնկալէին: Մէկուն աղօթքը, միւսին դրամը օրհնաբեր է, հիւանդին հարազատը կը յուսադրուի լաւատեսութեամբ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ:

Հազիւ նուիրատուութեան ցանկին յայտարարուիլը` նոր եւ ուրախ յայտարարութիւն մը կը լսուի. Հայաստանէն մեծասիրտ նուիրատու մը կը կրկնապատկէ հանգանակուած գումարը եւ հաշիւը կը բարձրացնէ: 2900 տոլարը կը բարձրանայ 5500 տոլարի. ուրախութիւնը համատարած է: Ունկնդիր եւ հիւանդ լաւագոյնս կը յուսադրուին:

Անծանօթ նուիրատուի մը կատարած այս անակնկալ ներդրումը կրկնուած էր նախորդ ամիսներուն «Ձեռք երկարենք»-ի պարագային եւս: Շնորհակալութի՛ւն` անծանօթ նուիրատուին, որուն «աջ ձեռքով տուածը ձախը չտեսաւ»:

Ունկնդիրները ուրախ են, որովհետեւ հիւանդ աղջնակը մօտ ապագային պիտի կարենայ շարունակել դպրոցը, պիտի միանայ իր դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն:

Ունկնդիրները կը փափաքին լսել ապաքինած հիւանդին խօսքը մէկ բառով. շնորհակալութի՛ւն: Կը կարծենք, որ ունկնդիրներուն իրաւունքն է լսել գոհունակութեան բառեր, յետ ապաքինման: Կ՛արժէ, որ «Վանայ Ձայն» յայտագիր մըն ալ յատկացնէ այդ կապակցութեամբ: Արդեօք անկարելի խնդրա՞նք մըն է այս:

Բայց մենք շարունակենք ձեռք երկարել եւ ըսել`

Վարձքդ կատար «Վանայ Ձայն»:

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Ագուլիսի Քարէ Երազները

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.