Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յառաջապահ Ճիաքոմօ Պոնավենթուրա վիրաւոր ըլլալուն պատճառով քաշուեցաւ խումբէն:
Անոր փոխարէն նկատի առնուեցաւ 35 տարեկան փլէյմէյքըր Անտրէա Փիրլօ, որ «Քալչիօ»-ի առաջին մէկ ամիսը չկրցաւ դաշտ ներկայանալ (այս տարեշրջանին)` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Շատեր այն կարծիքին էին, որ Փիրլօ այլեւս պիտի չկրէ Իտալիոյ շապիկը, որովհետեւ չորս ամիս առաջ` 2014-ի Մոնտիալին, ան ըսած էր, որ պիտի լքէ միջազգային ասպարէզը:


