Երեքշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթըհ Ալին:
Ծանօթացման այս առաջին հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով տեղեկութիւն տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին, թէ՛ շրջանին մէջ եւ թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ: Ուշադրութեան յատուկ առարկայ դարձաւ Իրանի հայկական գաղութը: Վեհափառ հայրապետը եւ դեսպանը ողջունեցին իրանահայութեան կազմակերպ կեանքը եւ կենսունակ մասնակցութիւնը Իրանի բարեզարդման աշխատանքներուն:
Ապա, անոնք արծարծեցին Միջին Արեւելքի ներկայ ընդհանուր կացութիւնը: Վեհափառ հայրապետը հաստատեց քրիստոնեայ-իսլամ համագոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը` յիշեցնելով, որ ծայրայեղականութիւնը կը վնասէ կրօններու համագոյակցութեան: Բաժնելով այս տեսակէտը` դեսպանը եւ վեհափառ հայրապետը դատապարտեցին Տէր Զօրի Նահատակաց մատուռի ականահարումը եւ շեշտեցին ծայրայեղականութեան դէմ պայքարելու հրամայականը: Անոնք նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին շրջանին մէջ Թուրքիոյ պետութեան երկդիմի քաղաքականութեան գծով, որ մանաւանդ այս օրերուն իր ժխտական անդրադարձը կ’ունենայ ամբողջ շրջանին վրայ:


